image

2023-ի ինն ամիսներուն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւն աճած է 48,4 %-ով

2023-ի ինն ամիսներուն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւն աճած է 48,4 %-ով

Այս տարուան յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 839 հազար զբօսաշրջիկ։ Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ՀՀ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 48,4 տոկոսով։ Այդ մասին յայտնած է Վիճակագրական կոմիտէն։

2022-ի առաջին ինը ամիսներուն Հայաստան ժամանած էր 1 միլիոն 239 հազար զբօսաշրջիկ։

2023-ին ամէնէն շատ զբօսաշրջիկները՝ 50,7 տոկոսը, Ռուսիայէն ժամանածներն են։ Կը յաջորդեն Վրաստանէն՝ 10,1 տոկոս, Իրանէն՝ 6,3 տոկոս, այցելուները։

Ռուսական լրատուամիջոցները գրած են, որ իրականացուած հետազօտութիւններու համաձայն՝ ռուս զբօսաշրջիկներու մեծ մասն ամանորեայ արձակուրդները՝ ռուսական քաղաքներէն ետք, կը նախընտրէ անցնել Երեւանի մէջ։ Ամրագրումներու մօտ 9%-ը բաժին կ՚իյնայ Հայաստանի մայրաքաղաքին։

Ըստ տարիքային կազմի՝ Հայաստան այցելած են հիմնական 36-63 տարեկան մարդիկ: