Օրերս սուրիական ընկերային հարթակներով զայրոյթի ալիք բարձրացած է ընդդէմ թրքական արդարադատութեան դատավճիռին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած սուրիացի պատանիին գործին առընչութեամբ: Սպաննողներէն, որոնք 4 եղբայր են, միայն մէկ հոգին դատուած է թեթեւ պատիժով անչափահաս ըլլալուն պատրուակով, իսկ միւս երեքը արդարացուած են:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Արապիա» կայքէն:
Աղբիւրը ներկայացուցած է երկու տարի առաջ կատարուած ոճրագործութեան հանգամանքները: 17 ամեայ զոհը՝ սուրիացի Համզա Ալ Աժժան, Թուրքիոյ Ղորսօ շրջանի շուկային մէջ ականատես եղած է, թէ ինչպէս 4 թուրք երիտասարդ նպառավաճառներ կը հայհոյհեն սուրիացի կնոջ մը, որ կը գանգատի է թէ կը խաբեն զինք: Համզէ միջամտած է կռիւ սկսած: 4 երիտասարդները ծեծի ենթարկած են զինք եւ հարուածած մինչեւ մահ:
Դատավարութիւնը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքին մէջ ներկայութեամբ զոհի ընտանիքին ու քանի մը ազգականներու: Անոնք ցնցուած են երբ լսած են դատավճիռը: Սպաննողներէն անչափահասը դատուած է 3 տարուայ եւ 4 ամսուայ ազատազրկումի իսկ միւս երեք եղբայրները ազատ արձակուած: Ընտանիքը բողոքած է թէ այս անարդար վճիռ մըն է արդարադատութենէն:
Իր հերթին աքթիւիսթ իրաւաբան Թահա Ալ Ղազի դիմատետրեան իր էջով հաստատած է, թէ վճիռը անարդար էր, եւ զոհի ընտանիքը պիտի բողոքարկէ վճիռը: Ան գրած է թէ դատավճիռը կայացած է դատաբժշկական զեկոյցին հիման վրայ, որ սակայն հրապարակուած է արկածէն մէկ ու կէս տարի ետք, ուր ըսուած է թէ Համզա կը տառապէր հիւանդութենէ մը, որ անուղղակիօրէն պատճառ դարձած է անոր մահուան: Համզէի ընտանիքը բողաքած է ու պահանջած ստուգել զոհի բժշկական թուղթերը փաստելու, թէ ան առողջ պատանի էր:
Ըստ աքթիւիսթ Ալ Ղազիին՝ դատավճիռէն ետք կապ պահուած է թրքական իրաւաբանական մարմիններու հետ, որոնք խոստացած են շարունակել գործը, որպէսզի արդարութիւնը հաստատուի եւ ոճրագործները պատժուին: