image

17-ամեայ Համզայի պատմութիւնը. Կամ ի՞նչ ճակատագրի կ՚ենթարկուին սուրիացի երիտասարդները Թուրքիոյ մէջ

17-ամեայ  Համզայի  պատմութիւնը. Կամ  ի՞նչ  ճակատագրի   կ՚ենթարկուին  սուրիացի երիտասարդները Թուրքիոյ մէջ

 Օրերս սուրիական ընկերային հարթակներով զայրոյթի ալիք բարձրացած է ընդդէմ թրքական արդարադատութեան դատավճիռին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած սուրիացի պատանիին գործին առընչութեամբ: Սպաննողներէն, որոնք 4 եղբայր են, միայն մէկ հոգին դատուած է թեթեւ պատիժով անչափահաս ըլլալուն պատրուակով, իսկ միւս երեքը արդարացուած են: 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Արապիա» կայքէն:

Աղբիւրը  ներկայացուցած  է երկու տարի առաջ կատարուած  ոճրագործութեան հանգամանքները: 17 ամեայ զոհը՝ սուրիացի Համզա Ալ Աժժան, Թուրքիոյ Ղորսօ շրջանի շուկային մէջ ականատես եղած է, թէ ինչպէս 4 թուրք երիտասարդ նպառավաճառներ կը հայհոյհեն սուրիացի կնոջ  մը, որ կը գանգատի է թէ կը խաբեն զինք: Համզէ միջամտած է կռիւ սկսած: 4 երիտասարդները ծեծի ենթարկած են   զինք  եւ  հարուածած մինչեւ մահ:

Դատավարութիւնը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքին մէջ ներկայութեամբ զոհի ընտանիքին ու քանի մը ազգականներու: Անոնք ցնցուած են երբ լսած են դատավճիռը: Սպաննողներէն անչափահասը դատուած է 3 տարուայ եւ 4 ամսուայ ազատազրկումի իսկ միւս երեք եղբայրները ազատ արձակուած: Ընտանիքը բողոքած է թէ այս անարդար վճիռ մըն է արդարադատութենէն:

Իր հերթին աքթիւիսթ իրաւաբան Թահա Ալ Ղազի դիմատետրեան իր էջով հաստատած է, թէ վճիռը անարդար էր, եւ զոհի ընտանիքը պիտի բողոքարկէ վճիռը: Ան գրած է թէ դատավճիռը կայացած է դատաբժշկական զեկոյցին հիման վրայ, որ սակայն հրապարակուած է արկածէն մէկ ու կէս տարի ետք, ուր  ըսուած է թէ Համզա կը տառապէր հիւանդութենէ մը, որ անուղղակիօրէն պատճառ դարձած է անոր մահուան: Համզէի ընտանիքը բողաքած է ու պահանջած ստուգել զոհի բժշկական թուղթերը փաստելու, թէ ան առողջ պատանի էր:

Ըստ աքթիւիսթ Ալ Ղազիին՝ դատավճիռէն ետք կապ պահուած է թրքական իրաւաբանական մարմիններու հետ, որոնք խոստացած են շարունակել գործը, որպէսզի արդարութիւնը հաստատուի եւ ոճրագործները պատժուին: