image
Հրատապ լուրեր:

Ժամանակն է, որ Հայաստան բացուի արաբական աշխարհին.Յակոբ Նալպանտ

Ժամանակն է, որ Հայաստան բացուի արաբական աշխարհին.Յակոբ Նալպանտ

2002-ին, երբ Թուրքիոյ մէջ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» (AKP) կուսակցութիւնը Էրտողանի գլխաւորութեամբ հասաւ իշխանութեան, աշխարհը մեծ խանդավառութեամբ եւ նոր յոյսերով ընդունեց այդ, իբր չափաւորական իսլամի գլխաւոր ներկայացուցիչ, որուն շնորհիւ իսլամական աւանդական գաղափարներն ու արեւմտեան արժէքները՝ մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարութիւնը, իրար հետ խաղաղ պիտի կարենան գոյատեւել:

Մինչեւ 2010-2011 թուական, թրքական այս միֆը կամ քաղաքական խուսանաւումը շարունակուեցաւ: Արաբական եւ իսլամական աշխարհը շատ ուժեղ տնտեսական, զբօսաշրջային, ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կապեր հաստատեց, իրենց համար «ժամանակակից իսլամ»ի վարչաձեւի ներկայացուցիչ՝ էրտողանեան Թուրքիոյ հետ, որ չէր բխէր Հայաստանի կենսական շահերէն:

Սակայն «Արաբական գարուն» կոչուած արնագոյն «բեմադրութիւն»ը, երբ 2010-ի վերջերը ծնունդ առաւ եւ Թուրքիա՝ իր իսկական գերիշխող ուժերու թելադրանքով եւ հրահանգով իրեն բաժին հասած դերին մէջ սկսաւ իր կործանարար քաղաքականութիւնը գործի դնել, ի շահ եւ սկսաւ մասնակից դառնալ արաբական աշխարհը քանդման գործընթացին, սկսած՝ Թունիսէն, անցնելով Եգիպտոս, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան եւ մանաւանդ Լիպիա:

Թէկուզ ուշացած, սակայն արաբական մեծ աշխարհը ընկալեց թրքական ծայրայեղական աւերիչ քաղաքականութեան էութիւնն ու խորութիւնը եւ սկսաւ իրականացնել կտրուկ, շեշտակի եւ պատմական արժէք եւ ուժ ներկայացնող ետդարձի քաղաքականութիւններ, որուն առաջին եւ հզօր դրսեւորումը Եգիպտոսի խիզախ եւ քաջ ժողովուրդին ձեռամբ «Իսլամ Եղբայրներ»ու Մուրսիի կառավարութեան տապալումն էր, որ խորքին մէջ հակաթրքական ճակատի մը ձեւաւորման գլխաւոր պատճառը հանդիսացաւ: Այս քայլին յաջորդեցին Թունիսի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները, ուր ղեկին հասաւ ոչ իսլամիստ նախագահ եւ այժմ Թունիսի խորհրդարանին մէջ ուժերու նոր դասաւորութիւններ տեղի կ'ունենան, որոնք անպայման պիտի աւարտին խորհրդարանի նախագահ իսլամիստ եւ Թուրքիոյ ջերմ բարեկամ Ղանուշիի քաղաքական դաշտէն հեռացումով։

Բոլորս կը տեսնենք եւ ականատես կ'ըլլանք, թէ ինչեր տեղի կ'ունենան լիպիական հարուստ հողին վրայ եւ ինչպիսի հակաթրքական ուժեր կը ձեւաւորուին Լիպիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ։

 

 Այս բոլորի կողքին մենք նաեւ նկատեցինք, որ սիւննի աշխարհի կարեւոր տէրութիւններ, հակազդելով թրքական քայլերուն սկսան դրական մօտեցումներով արտայայտուիլ հայութեան, Հայաստանի, ինչպէս նաեւգ հայկական դատին մասին։

 Օրինակ տալով Լիպիան հարկ կը համարեմ նշել, որ Լիպիոյ կառավարութիւնը ղեկավարութեամբ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի հակազդելով Թուրքիոյ քաղաքականութիւններուն պատմական ճիշդ գնահատական մը տալով պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

 Կարեւոր քայլեր կը կատարուին նաեւ Եգիպտոսի մէջ, ուր բոլոր քաղաքական ուժերն ու մամուլը սկսած են յաճախակի կերպով անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին ու նաեւ դրուատիքով խօսիիլ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի մասին։

Իմ կարծիքով, Թունիսի եւ Ալժերիոյ մէջ շուտով պիտի յայտնուին այնպիսի ուժեր, որոնք պաշտօնապէս պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Քաղաքական նոյն իրավիճակն ու պատկերը կը տիրէ Պարսից Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ, ըլլայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, ըլլայ Քուէյթի եւ նոյնիսկ վիրաւոր Իրաքի մէջ, որոնք ժողովուրդն ու կառավարութիւնները բարեկամական ջերմ տրամադրութիւններով լեցուած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ:

Վերջերս՝ Տաւուշեան պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի մէջ Յորդանանի թագաւորութեան դեսպանը հրաւիրուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւն եւ անոր յանձնուած է «նոթա», որովհետեւ Յորդանանի կողմէ Հայաստանին մատակարարուած է ամերիկեան արտադրանքի գիշերային գերժամանակակից հեռադիտակներ եւ հայ մասնագէտներն այդ աւելի զարգացնելով՝ պատերազմի ժամանակ հասած են զինուորական գերազանց արդիւնքներու:

Պարսից Ծոցի հիմնական ուժը եւ արաբական աշխարհի ամենածանրակշիռ երկիրներէն մէկը՝ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւնը կը շարունակէ չճանչնալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ այդ պատճառով չկան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ զոյգ երկիրներու մէջ, այս բաց օղակէն օգտուող երկիրներ եւ մութ ուժեր ալ գոյութիւն ունին: Այս ճակատին վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է առնէ վճռական քայլեր եւ օգտուելով Անգարա- Ռիատ լարուածութիւնէն փորձէ ամէն գնով բարձր մակարդակի կապեր հաստատել Սէուտական Արաբիոյ հետ։

Իսկ ամենազարմանալի երեւոյթը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ

 Այս զարգացումներու լոյսին տակ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է իր կապերը ամրապնդէ եւ խորացնէ «Արաբական լիկա»ին հետ, որն ունի բացայայտ հակաթրքական կողմնորոշումներ:

Հայ-արաբական դարաւոր յարաբերութիւնները ունին երկար, եղբայրական ջերմ անցեալ, սակայն որոշակի անուշադրութիւն եւ անտեսում՝ բաւական մեծ վնաս հասցուցած են այդ ռազմավարական գործընկերութեան եւ յարաբերութիւններուն:

Ժամանակն է վերականգնելու այս էական, քաղաքական զարկերակի կենսունակութիւնը, որովհետեւ մենք յաճախ միջազգային ատեաններու մակարդակով թուրք-ազերիական մշակուած քաղաքականութեան պատճառով կորսնցուցած ենք արաբական աշխարհի աջակցութիւնը:

Հիմա լաւագոյն եւ քաղաքականօրէն նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են հայ-արաբական արմատներ ունեցող յարաբերութիւնները բարձրացնելու՝ ռազմավարական գործունէութեան մակարդակի, որովհետեւ, ինչպէս փորձառութիւնն ու կեանքը կը թելադրեն, ՝թշնամիիդ թշնամին բարեկամդ է...:

 

Յակոբ Նալպանտ Տնտլեան

27.08.2020 Հալէպ