Ըստ արաբական մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «երկաթէ բռունցքով կը պահէ երկիրը»: Այս մասին մասնաւորապէս գրած է Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Քուտս Ալ Արապի» պարբերականը, որ նաեւ յայտնած է, թէ Ալիեւ վերջին հանրաքուէն կայացուցած է ապահովելու համար իր իշխանութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ վերջին հանրաքուէին միջոցաւ երկրի նախագահը իր իշխանութիւնը պիտի կարողանայ պահել 7 տարիով, մինչ նախկին սահմանադրութեամբ նախագահը իր պաշտօնին վրայ կրնայ մնալ 5 տարուան համար: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ նոր սահմանադրութեամբ գործող նախագահը կրնայ առանց սահմանափակումներու իր թեկնածուութիւնը առաջադրել երկրի առաջին դիրքի աթոռին համար: «Իլհամ Ալիեւ ( 54 տարեկան) , իր հօր Հայտար Ալիեւի մահէն ետք 2003 -ին երկրի ղեկը ստանձնելով ցայսօր երկաթէ բռունցքով կը պահէ իր իշխանութիւնը» եզրափակած է արաբատառ պարբերականը: