image

Ընտրութիւններով պիտի ամրապնդենք յեղափոխութեան արդիւնքները. Թալինի մէջ յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեանը

Ընտրութիւններով պիտի ամրապնդենք յեղափոխութեան արդիւնքները. Թալինի մէջ յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեանը

Մենք ընդամէնը ժողովուրդի իշխանութեան տեղապահն ենք։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Թալինի ընտրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ։

«Իմ քայլը» դաշինքը քարոզարշաւը սկսած է Արագածոտնի մարզէն։ Թալինի մէջ ան ներկայացուցած է նախընտրական ծրագրի դրոյթները։ Մասնաւորապէս, Փաշինեանը ներկայացուցած է, որ տարեկան 24 միլիոն դրամը չգերազանցող փոքր պիզնեսը հարկերէն կազատուի։ Պիտի նուազեցուին նաեւ եկամտահարկը եւ ճանապարհային երթեւեկութեան խախտումներու համար սահմանուած տուգանքի չափերը։

Օրակարգի վրայ է արդիւնաբերութեան զարգացումը։ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ ընտրութիւններով պիտի ամրապնդեն յեղափոխութեան արդիւնքները, ուր որոշիչը ընտրողն է։

«Ես այնքան ժամանակ կը լինեմ վարչապետ, ինչքան ժողովուրդը կ'որոշի»,- ըսած է Փաշինեանը։

Այսօր նախատեսուած են «Իմ քայլը» դաշինքի քարոզարշաւային հանրահաւաքները նաեւ Մարալիկի, Արթիկի եւ Գիւմրիի մէջ։

 

լուրը ՝«ՇԱՆԹՆԻՈՒԶ»էն