Սուրիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Ճոն Քերին յայտարարած է, որ եթէ սուրիական բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց արձանագրուի, ապա Սուրիոյ մէջ անցումային կառավարութեան շրջանը պիտի սկսի 1 օգոստոսին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Քերի նաեւ ըսած է, թէ Միջազգային յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրան պիտի ստանձնէ սուրիական կողմերու միջեւ գերիները ազատ արձակելու համաձայնութեան հասնելու գործը:
Վիեննայի մէջ, ուր մեկնարկուած էր Սուրիոյ հարցով Միջազգային հանդիպումներու շարքը՝ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Քերին նաեւ շեշտած է, որ պատերազմը պիտի չաւարտուի եւ նախագահ Պաշշար Ասատ ու անոր կողմնակիցները ապահով պիտի չըլլան առանց քաղաքական համաձայնութեան մը հասնելու: Իր հերթին Տէ Միսթուրան ըսած է, որ ցարդ չի կրնար Ժընեւի երկխօսութիւններու վերսկսման ժամկէտ ճշդել, ինչպէս նաեւ տակաւին որոշում չէ կայացուած սուրիական բանակցութիւններու նոր շրջափուլին համար, սակայն կարելի չէ երկար սպասել: Միւս կողմէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Ռուսիոյ դիրքորոշման մէջ կը շեշտէ Սուրիոյ բանակցութիւններուն ամբողջ կողմերու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որոնց շարքին նաեւ՝ քիւրտերու, ինչպէս նաեւ կը յայտնէ, որ Մոսկուան նախագահ Պաշշար Ասատին չաջակցիր, այլ՝ ահաբեկչութեան դէմ տարուած պայքարին եւ Սուրիոյ բանակին, որ կը պատերազմի «Տահէշ»ի դէմ: