Լիբանանեան տարբեր աղբիւրներ տեղեկութիւններ հրապարակած են, այն մասին, որ եւրոպական եւ ամերիկեան կողմեր մեծ ճիգեր կը գործադրեն հիմնականապէս խանգարելու համար սուրիացի գաղթականներու հարցին վերաբերեալ ռուսաստանեան ծրագիրը:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Մոսկուա պաշտօնապէս յայտարարած էր, թէ կարեւոր ճիգեր պիտի գործադրէ Սուրիոյ շրջակայից երկիրներուն մէջ տեղակայուած գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու համար:
Այս մասին նաեւ յատուկ յօդուած մը հրապարակած է լիբանանեան «Ալ-Ժումհուրիյա» օրաթերթը:
Օրաթերթը, որ յայտնի է ուղղափառ եկեղեցւոյ մօտիկ եղող թերթ մը ըլլալու հանգամանքով, հրապարակած է Ճորճ Շահին անունով լրագրողին յօդուածը, ուր ան մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ իր ունեցած տուեալներուն մասին, կապուած՝ Ռուսաստանի կողմէ առաջ քաշուած ծրագիրը խանգարելուն:
Յօդուածին մէջ կ'ըսուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ ճնշումներ կը բանեցնէ եւրոպական իր գործընկերներուն վրայ, արգիլելու համար որեւէ զօրակցում, որ կը միտի յաջողցնել ռուսաստանեան ծրագիրը:
Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ ապրող հարիւրաւոր սուրիցաներ սկսած են վերադառնալ Սուրիոյ այն շրջանները, ուր դրութիւնը ապահով է: