Անտրէյ Քարլով, որ զոհ դարձաւ երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակման, Թուրքիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնն սկսած էր 2013 թուականին, որպէս ՌԴ դեսպան, կը գրէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Քարլով ծնած է Մոսկուա, 1954թ.: 1976 թուականին ընդունուած է Մոսկուայի Միջազգային Յարաբերութիւններու ուսումնարան, եւ 1992 թուականին աւարտած է Դիւանագիտական Ակատեմիան: 1976 թուականէն Խորհրդային Միութեան, այնուհետեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն ներս տարբեր պաշտօններ ստանձնած է:
Ան 1976-1981 եւ 1984-1990 թուականներուն զբաղեցուցած է Հիւսիսային Քորիայի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանի պաշտօնը, ապա 1992-1997 եւ 2001-2006 թուականներուն նոյն երկրին մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան նշանակուած է:
2007-2013 թուականներուն Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ պաշտօնավարած է որպէս հիւպատոսական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ, ապա նաեւ ընդհանուր տնօրէն:
2013 թուականէն կը գործէր որպէս Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան: Ռուսերէնի կողքին կը տիրապետէր քորիերէնին եւ անգլերէնին: Ամուսնացած էր, ունէր որդի մը:
Յիշեցնենք, որ Քարլովի դէմ ահաբեկչութիւն գործած անձը Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմիններու կողմէ սպաննուեցաւ նոյն ցուցահանդէսի շէնքին մէջ, ուր սպաննած էր դեսպանը: