Թրքահայ այլախոխ մտաւորական Սեւան Նշանեան պարգեւատրուեցաւ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ եղած պարգեւատրումը տեղի ունեցած է երէկ երեկոյեան` Պոլսոյ Ճէզայիր սրահէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ եղած են Սեւ Ծովեան համագործակցութեան խորհուրդին մօտ ՀՀ ներկայացուցիչ՝ Արսէն Աւագեան, CHP փոխ կուսակցապետ Սէզկին Թանրըքուլու, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Սէլինա Տողան: Խօսքերով հանդէս եկած են Նշանեանի փաստաբան Էրկին Ճինմէն, Անգարայի խօսքի ազատութեան հիմնարկի անդամ ՝ Մահմուտ Քոնուք եւ ՀՀ ազգային ժողովի անդամ ՝ Արագած Ախոյեան: Բանախօսներու խօսքէն ետք Ախոյեան յանուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» անուան մետալը յանձնած է Նշանեանի փաստաբան ՝ Էրկին Ճինմէնին»: Յիշեցնենք, որ Սեւան Նշանեան 33 ամիսն ըլլալով կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, իսկ անոր բանտարկութեան անտեղի վճիռը կապ ունի իր հիմնադրած Շիրինճէ հովոցին մէջ «ապօրինի շինարարութիւններ» ընելուն հետ: