image

Ուղղաթիռէն Զատ Խոցուած Է Նաեւ Ազրպէյճանեան Անօդաչու Սարք (Լուսանկար)

Ուղղաթիռէն Զատ   Խոցուած Է Նաեւ Ազրպէյճանեան Անօդաչու Սարք (Լուսանկար)

Երէկ      սկիզբ առած  զինուորական  գործողութիւններուն  ընթացքին     խոցուած  է նաեւ  ազրպէյճանեան   անօդաչու սարք մը:  Այս մասին  կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ մամլոյ  խօսնակ  Արծրուն Յովհաննիսեան:  Կը հաղորդուի, որ մինչեւ այս  պահը  տարբեր ճակատներու վրայ մարտերը կը շարունակուին: Տեղին է  յիշեցնել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը     լարուածութեան  երեւելի աճի պատասխանատուութիւնը դրած էր Ազրպէյճանեան  կողմին վրայ: Հայկական ուժերը  յաջողած էին    ծանր հարուած տալ  հակառակորդին  եւ ետ շպրտել  ներթափանցում կատարող  ազրպէյճանեան  դասակը:  Ռազմի  դաշտին վրայ   ձգուած են    երկու  ազրպէյճանցի  զինուորներու  դիակներ:  Հայկական ուժերը  նաեւ վար առած էին ազրպէյճանեան   պատերազամական ուղղաթիռ մը:

Խոցվել է թշնամու ևս մեկ ռազմական ուղղաթիռ և 1 անօդաչու սարք