Երէկ սկիզբ առած զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին խոցուած է նաեւ ազրպէյճանեան անօդաչու սարք մը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Կը հաղորդուի, որ մինչեւ այս պահը տարբեր ճակատներու վրայ մարտերը կը շարունակուին: Տեղին է յիշեցնել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը լարուածութեան երեւելի աճի պատասխանատուութիւնը դրած էր Ազրպէյճանեան կողմին վրայ: Հայկական ուժերը յաջողած էին ծանր հարուած տալ հակառակորդին եւ ետ շպրտել ներթափանցում կատարող ազրպէյճանեան դասակը: Ռազմի դաշտին վրայ ձգուած են երկու ազրպէյճանցի զինուորներու դիակներ: Հայկական ուժերը նաեւ վար առած էին ազրպէյճանեան պատերազամական ուղղաթիռ մը: Նշենք նաեւ, որ մինչ այս լուրի հրապարակումը ե եւ ըստ ԼՂՀ ՊՆ-ին Արցախեան զօրքերը խոցած են ազրպէյճանեան մէկ ուղղաթիռ եւս: