ԱՄԷ-ի Տուպայ քաղաքի գլխաւոր դատախազութիւնը 29-ամեայ արաբ մեղադրեալի գործն ուղարկած է քրէական դատարան, պահանջելով զինք ենթարկել ամենածանր պատիժին: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրմ» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, մեղադրեալին դէմ ուղղուած է քաղաքի գլխաւոր օդակայանէն կիներ առեւանգելու մեղադրանք:
Մանրամասներուն անդրադառնալով աղբիւրը նշած է, որ մեղադրեալը իմանալով արտերկրէն ժամանող խումբ մը կիներու վայրէջքի ժամն ու վայրը, ԱՄԷ-էն դուրս գտնուող անձի մը հետ համագործակցաբար ծրագրած է նշուած կիներու առեւանգումը կազմակերպել: Երբ աշխատանքի նպատակով Տուպայ ժամանած կիները հասած են օդակայան, վերջինս մօտենալով անոնց ներկայացած է որպէս աշխատանքի տեղաւորման գործով զբաղող գրասենեակի գործակալ, այնուհետեւ անոնց անձնագիրները վերցնելով զիրենք փակած է սենեակի մը մէջ, նպատակ ունենալով կեղծ պայմանագիրներու դիմաց վերջիններս յանձնել տեղացի ընտանիքներու:
Երեք օր կիները կալանքի տակ պահելէ ետք մեղադրեալը ափրիկեցի կնոջ մը հետ պայմանաւորուած է, որ վերջինս զանոնք կերակրէ: Ափրիկեցի մեղադրեալը ուտելիքը առեւանգուող կիներուն տալէ ետք մոռցած է դուռը կրկին կղպել, որմէ ետք վերջիններս փախուստի դիմելով կապ հաստատած են զիրենք հրաւիրող գրասենեակի աշխատակիցին հետ, որ իր հերթին դիմած է ոստիկանութիւն: