Ամերիկեան ամսագիրներէն մէկը, որ ԱՄՆ-ի եւ տարբեր երկիրներու լուրերու փոխանցմամբ կը զբաղի, հրապարակած է 2018 թուականի լաւագոյն երկիրներու ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած 80 երկիրներուն մէջ կան նաեւ տարբեր հորիզոնականներ գրաւած արաբական երկիրներ:
«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, չափորոշիչ յատկանիշները սահմանուած են ամսագիրին կողմէ, եւ գլխաւոր յատկանիշներէն են աշխատանքային արդիւնաւէտութեան աստիճանը, վտանգի տոկոսը, ինչպէս նաեւ սովորոյթներու եւ աւանդոյթներու ազդեցութիւնը տուեալ միջավայրին վրայ:
Ցուցակին համաձայն, հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն, Քաթար արաբական երկիրներուն մէջ առաջին տեղը գրաւած է (աշխարհի մակարդակով՝ 35-րդ տեղը), անոր կը յաջորդէ Սէուտական Արաբիան, որ աշխարհի մակարդակով 42-րդ տեղն զբաղեցուցած է: Արաբական երկիրներուն մէջ երրորդ լաւագոյնը Մարոք է, որ աշխարհի մակարդակով 47-րդն է:
Ցուցակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Թունիս, Յորդանան, Օման, Լիբանան, Ալճերիա, մինչդեռ Սուտան, Սուրիա եւ Լիպիա մաս չեն կազմած աշխարհի լաւագոյն երկիրներու ցանկին, նկատի ունենալով անոնց ներկայիս ծանր իրավիճակը:
Աշխարհի լաւագոյն երկիրները յաջորդաբար Զուիցերիա, Գանատա, Գերմանիա, Բրիտանիա եւ Ճափոն են:
Նշենք, որ ԱՄՆ 8-րդ տեղը գրաւած է, իսկ Ռուսիա՝ 26-րդ տեղը: