image

Վիեթնամի պատերազմէն ի վեր Սուրիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերու թիւը մրցանիշ կ'արձանագրէ

Վիեթնամի պատերազմէն ի վեր Սուրիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերու թիւը մրցանիշ  կ'արձանագրէ

Ամերիկեան Մարինզի վաշտերէն մէկը Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ աննախադէպ մրցանիշ գրանցած է այն բանէն ետք, երբ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները անողոք ռմբակոծման թիրախ դարձուցած է, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, նշուած վաշտը աջակցած է Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերուն, «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման զինեալներէն ազատագրելու համար Ռաքքա քաղաքը:

Ամերիկեան Զինուած ուժերու հրամանատարութեան աւագ խորհրդականներէն զօրավար Ճոն Ուայն Թրոքսիլի փոխանցմամբ, անցնող հինգ ամիսներու ընթացքին Ռաքքայի մէջ պայքարող Մարինզի վաշտի զինուորականները 1975 թուականին աւարտած Վիեթնամի պատերազմի օրերէն ի վեր որեւէ այլ վաշտէ աւելի մեծ թիւով ռումբեր կիրառած է: