Ես պէտք է հրաժարական տամ մինչեւ 16 հոկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածը, յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը France 24 հեռուստաալիքի հետ հարցազրոյցի ժամանակ։ Հեռուստաալիքը տարածած է հարցազրոյցի ձայնագրութեան մէկ հատուածը։
Փաշինեանը նշած է, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայանան 10 դեկտեմբերին մօտ։
Ան անդրադարձած է նաեւ Երեւանի մէջ իրականացուող Ֆրանքոֆոնիայի միջոցառումներուն եւ գագաթնաժողովին, Շարլ Ազնաւուրի մահուան, Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ Ղարաբաղի խնդրին։
Փաշինեանը, ըստ France 24-ի տարածած հաղորդագրութեան, Ատրպէյճանը մեղադրած է ցեղային զտման քաղաքականութիւն վարելու համար։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայանին, Հայաստանի վարչապետը չընդունիր, որ այն Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար որեւէ սպառնալիք կը ներկայացնէ։
Ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու համար հարկաւոր է, որ վարչապետի հրաժարականէն ետք Ազգային ժողովը երկու անգամ չառաջադրէ եւ չընտրէ վարչապետի թեկնածու, ինչէն ետք օրէնսդիր մարմինը կը ցրուի օրէնքի ուժով, եւ կը նշանակուին արտահերթ ընտրութիւններ։