image

Վարչապետ Կարապետեան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւնները գնահատած է կառուցողական եւ բեղմնաւոր

Վարչապետ Կարապետեան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւնները գնահատած է կառուցողական եւ բեղմնաւոր

 Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ իրենց ունեցած հանդիպումին արդիւնքները ներկայացուցած են լրատուամիջոցներուն՝ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին։

Ռուսիոյ վարչապետը հաստատած է, որ քննարկումները, ինչպէս միշտ, եղած են կառուցողական, յագեցած եւ բարեկամական, ինչ որ պիտի օգնէ լուծելու բազմաթիւ խնդիրներ, մանաւանդ որ այս տարի կ՛ամբողջանայ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակը։ Ըստ անոր՝ Ռուսիան Հայաստանի արտաքին տնտեսական հիմնական գործընկերն է, եւ հակառակ տարբեր դժուարութիւններու եւ վերիվայրումներու, փոխադարձ առեւտրաշրջանառութեան ցուցանիշները բաւական լաւ կը մնան: Նախորդ տարի այդ թիւը աւելի քան 1 միլիառ տոլար էր։ Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ նախորդ տարի մեծապէս աւելցած է Հայաստանէն սննդամթերքի ներածումը: 

Իր խօսքը եզրափակելով ան յայտարարած է, որ շատ գոհ է եղած բանակցութիւններէն, անոնց արդիւնքներէն ու յանձնարարականներէն, որոնք տրուած են համապատասխան կողմերուն՝ հետագայ համագործակցութեան առիթով: 

Վարչապետ Կարապետեան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւնները գնահատած է կառուցողական եւ բեղմնաւոր: «Մենք ամենեւին չենք թաքցնում, յստակ ցոյց ենք տալիս, որ Մոսկուա այցն այց է բարեկամական, եղբայրական, դաշնակցային երկիր: Եւ ցանկանում եմ յայտարարել ուղիղ, առանց աւելորդ դիւանագիտութեան, որ մենք շատ գոհ ենք այսօրուայ բանակցութիւններից եւ այն արդիւնքներից ու յանձնարարականներից, որոնք տրուել են համապատասխան կողմերին՝ հետագայ համագործակցութեան առիթով: Մենք Ռուսաստանի կառավարութեան նախագահի հետ քննարկել ենք կատարուած աշխատանքի արդիւնքները, արձանագրել ենք յարաբերութիւնների շատ բարձր մակարդակ, սակայն, միաժամանակ, կարծում եմ, որ բոլորը համաձայն կը լինեն՝ այդ յարաբերութիւնների զարգացման ներուժը շատ մեծ է», յայտնած է Կարապետեան։

Ըստ անոր՝ կողմերը քննարկած են շարք մը ուղղութիւններ, թէ ի՛նչ ընթացքով կրնան ընթանալ ռուս–հայկական յարաբերութիւնները, ուղենշած զարգացման ոլորտներն ու յստակ քայլերը: Անդրադառնալով ստորագրուած փաստաթուղթերուն՝ Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ անոնք մեծ թափ պիտի հաղորդեն մշակութային, մարդասիրական յարաբերութիւններուն: «Կարծում եմ՝ Հայաստանը որպէս տուրիստական վայր Ռուսաստանի քաղաքացիների համար թերագանահատուած է: Մենք այս տարի սպասում ենք սկզբունքային փոփոխութիւններ դրական կողմերով», եզրափակած է Կարէն Կարապետեան: