Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման երէկ, չորեքշաբթի օր «Ալ Եամամա»ի պալատի իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին:
Սէուտական լրատուական գործակալութեան համաձայն, հանդիպման ժամանակ քննարկուած են զոյգ երկիրներու փոխադարձ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ վերջին նորութիւնները:
Հանդիպման ներկայ գտնուած են Սէուտական Արաբիոյ Ներքին գործոց նախարարը, Արտաքին գործոց նախարարը, Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը, Սէուտական Արաբիոյ մօտ Լիբանանի դեսպանն ու շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ