image

Վանի մէջ կը շարունակուին թուրք-քրտական բախումները

Վանի մէջ կը շարունակուին թուրք-քրտական բախումները

Թուրքիոյ Վան նահանգի Իփեքյոլու շրջանին մէջ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալներու եւ թուրքական ուժերու միջեւ տեղի ունեցած բախումի հետեւանքով սպաննուած է մէկ անձ եւ վիրաւորուած՝ երկու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Haber.star» լրատուական կայքը, աւելցնելով, որ PKK-ի անդամները Պայըրլը փողոցի մուտքին անցարգել կառուցած են, որու պատճառով այնտեղ հասած են թրքական անվտանգութեան ուժերը: Տեղի ունեցած է փոխ-կրակոցներ, քիւրտ զինեալները ականանետով կրակ արձակած են դէպքի վայր հասած զրահապատ մեքենայի ուղղութեամբ:

Ինչպէս կը նշէ աղբիւր, տարածաշրջանին մէջ տակաւին կը շարունակուին բախումներն ու վնասազերծման լայնածաւալ գործողութիւնները: