Հինգշաբթի օր Երեւան պիտի ժամանի ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը:
Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեանը, այցի ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարարի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Դաւիթ Տօնոյեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի հետ, պիտի քննարկուին երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Ճոն Պոլթըն այս շաբաթ արդէն այցելած է Ռուսաստան, կը նախատեսուին անոր այցերը նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան: