image

Տորէտ Լահհամ. Արաբական աշխարհի մեծ աստղը դարձաւ 87 տարեկան

Տորէտ Լահհամ. Արաբական  աշխարհի  մեծ  աստղը   դարձաւ 87   տարեկան

Քանի մը օր առաջ սուրիացի սիրուած ու հանրաճանաչ դերասան՝ Տորէտ Լահհամ 87 տարեկան  դարձաւ։

 

Այս առթիւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ  յայտնի դերասանին մասին օրերս    Lebanon24 կայքին  մէջ լոյս տեսած   հրապարակումը։

 

 Մեր ընթերցողներուն  յիշեցնենք, որ Լահհամ  միշտ ալ    դրական  մօտեցում ունեցած   հայութեան   մասին, ու տարբեր առիթներով ալ  գործակցած է   հայերու հետ։

 

 

Ան 9 Փետրուար, 1934-ի ծնունդ է: «Ես չեմ վախնար ոչ ծերութենէ եւ ոչ մահէ: Անոնք կեանքի բնականոն ընթացքն են: Ես կ'ուզեմ բարի համբաւ ձգել, որով մարդիկ զիս յիշեն: Կը փափաքիմ հեռանալ, բայց առանց բացակայելու»,- այսպէս ըսած է հանրաճանաչ դերասանը հաղորդավար՝ Պասէլ Մուհրէզի հեռատեսիլային «Ալմուխթար» (Ընտրեալը) ծրագրի ընթացքին, որ նուիրուած էր Լահհամին, անոր 87-րդ տարեդարձին առթիւ:

Յաճախ ըսուած է, թէ Լահհամ չէր հասնէր այսպիսի մեծ յաջողութեան եթէ չըլլային հեղինակ, թատերագիր՝ Մոհամմատ Մաղութի գործերը:  Լահհամ խոստովանած է,  թէ ինք  երբեք ինքզինք որպէս գրող չէ ներկայացուցած, բայց իրականութեան մէջ, ան մասնակցած է իր ներկայացումները գրելու աշխատանքին, որոնցմէ  յիշատակենք «Ղըրպէ» (Պանդխտութիւն), «Տայհաթ Թըշրին» (Թըշրին գիւղը), «Քասաք Եա Ուաթան» (Կենացդ Հայրենիք), եւ «Շաքայէք Ալնուման» (Լալաները) գործերը։ Ան աւելցուցած է, որ ընդհակառակը՝ Մաղութի գործերը յաջողութիւն գտած են իր շնորհիւ, որովհետեւ Մաղութի այլ թատերգութիւն մը, որ ներկայացուած է առանց իրեն չէ կրցած հասնիլ պէտք եղած յաջողութեան եւ հռչակին։

Իսկ այն հարցին, թէ ան   արդեօք  կը փափաքի,  որ իր կեանքին  մասին տեսաշար կպատրաստուի, ան  պատասխանած, որ   դէմ չէ  այդ  գաղափարին,  պայմանաւ, որ    տեսաշարին  խորագիրը ըլլայ՝ «Ալմունդամի» (Պատկանողը) եւ գլխաւոր  դերը կատարէ անդրանիկ որդին՝ Սաէրը:

Ծրագրի ընթացքին խօսելով իր խաղցած «Ղաուար Ալթոշէ» հեռատեսիլային կերպարին մասին,  Լահամ ըսած է թէ հանրութիւնը սիրած է զայն, հակառակ որ աղքատ, խաչագող, վնասակար միջոցներով  իր նպատակին հասնող եւ խորամանկ անձնաւորութիւն մըն էր իր  մարմանաւորած  կերպարը:

Ի դէպ, Լահհամ երախտապարտութեամբ յիշատակած է այն բոլոր աշխատակիցները, որոնց կը պարտի իր յաջողութիւնը, ինչպէս՝ Նիհատ Քալհի, Խալտուն Ալմալէհ, Նաճի Ճապըր եւ ուրիշներ: Անդրադառնալով իր դէմ եղած այն քննադատութեան, որ ինք միշտ յաջողութիւնները իրեն վերագրած է, ստուերի տակ ձգելով գործի անձնակազմը, պատասխանած է.- «Այսօր մարդիկ կը գովաբանեն միայն Մեսսին եւ Ռոնալտօն, որպէս խումբի ամենալաւ խաղացողներ, բայց անոնք չեն կրնար յաջողութեան հասնիլ առանց խումբի բոլոր անդամներու օգնութեան, նոյնն ալ իմ պարագան էր»:

Լահհամ իր տարեդարձի օրուան առթիւ կայացած ծրագիրը եզրափակած է հետեւեալ պատգամով «Երազեցէք եւ պաշտպանեցէք ձեր երազանքները ձեր կարողութեամբ, որպէսզի ապագան աւելի լաւ ըլլայ»:

Նիւթը՝ lebanon24-էն