Այսօր ծանր հրթիռարաձկումներու ենթարկուած է Հալէպ քաղաքը: Այս մասին հաղորդող աղբիւրները կը յայտնեն, որ հրթիռարձակումներ կատարուած են նաեւ Հալէպի Սըլայմանիյէի հայահոծ շրջանին ուղղութեամբ: Ինկած հրթիռներուն եւ պայթուցիկ տակառներուն հետեւանքով ծագած է հրդեհ: Նախնական տուեալներով հրթիռարձակումներու պայթումներուն հետեւանքով զոհուած են 17 անձեր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհերուն մէջ կան կին մը եւ 3 երեխաներ: Պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր ըլլալու մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: