Իրանեան յեղափոխութեան պահակազօրի գլխաւոր հրամանատարի առաջին խորհրդական Հուսէյն Տաքիքի յայտնած է, որ Իրան-Սուրիա-Իրաք-Պաղեստին-Լիբանան դաշինքը թոյլ պիտի չտայ ԱՄՆ-ին իր ուժերը ցուցադրելու տարածաշրջանին մէջ, շեշտելով, որ Իրան իր ամբողջ ուժով պիտի պայքարի թշնամիներուն դէմ:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Տաքիքի դիտել տուած է, որ ամերիկեան օդուժին ենթակայ Միջազգային դաշնութեան ուժերը երեք տարիէ ի վեր կը շարունակեն հարուածել Եէմէնը, եւ եէմէնցիք յեղափոխութեան դիմելով մերժեցին ընթարկուիլ Ամերիկային:
Տաքիքի միաժամանակ շեշտած է, որ Սէուտական Արաբիա այլեւս հնարաւորութիւն պիտի չունենայ իր ունեցած նաւթի շնորհիւ ուժեղանալ, որովհետեւ ան այլեւս ուժեղագոյն արաբական երկիրը չէ, այլ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի կամակատարը: