image

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը յեղաշրջման փորձի հետեւանքով 100 միլիառ տոլարի վնաս կրած է

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը յեղաշրջման փորձի հետեւանքով 100 միլիառ տոլարի  վնաս  կրած է

Թուրքիոյ առեւտուրի եւ մաքսային հարցերով նախարար Պիւլենթ Թիւֆեքչին յայտարարած է, որ 15 յուլիսի ռազմական յեղաշրջման փորձի հետեւանքով երկրի տնտեսութիւնը 300 միլիառ թրքական լիրայի (մօտ 100 միլիառ 540 միլիոն տոլար) կորուստ կրած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Sabah» թերթը:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ սա դեռ նախնական գնահատական է: Հնարաւոր է, որ կորուստները գերազանցեն 300 միլիառը: «300 միլիառը կ'ընդգրկէ ռազմական ինքնաթիռներ եւ ուղաթիռներ, զէնք, զինամթերք, շէնքեր: Թերեւս քիչ կ'ըսում եւ հնարաւոր է վնասներու քանակը աճի: Օրինակ՝ արտասահմանէն կատարուող պատուէրները չեղարկուած են: Զբօսաշրջիկները չեն եկած»,- ըսած է ան:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ժողովրդին՝ յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս ետք իրենց բնականոն կեանքը շարունակելուն համար: «Յեղաշրջման փորձը կատարուած է ուրբաթ, իսկ արդէն երկուշաբթի բոլոր դրամատուներըը, պորսաները, առեւտուրի կեդրոնները բաց եղած են, ինչի արդիւնքով տոկոսադրոյքները արտառոց աճ չեն գրանցած, պորսաներու մէջ մեծ անկումներ չեն արձանագրուած»,-տեղեկացուցած  է Թիւֆեքչին: