Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի գլխաւոր խորհրդական Ֆաթիհ Կիւրսուլ Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան կարգադրութեամբ ձերբակալուած է: Այս մասին տեղեկացուցած է թրքական «Հուրրիյէթ» պարբերականը:
Իրաւապահ մարմինները խուզարկած են Կիւրսուլի տունը: Նշուած է, որ Քըլըչտարօղլուի գլխաւոր խորհրդականը օգտագործած է «ByLock» ծրագիրը, որ կը կիրառուէր կիւլէնականներու կողմնակիցներու շրջանակին մէջ: