Էրզրումի դատարանը ցմահ ազատազրկման դատապարտած է երկու զինուորականներ, որոնք մեղադրուած են 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ զինուած յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու մէջ։
Դատարանը որոշած է, որ նախկին գնդապետ Մուրատ Կոչակն ու նախկին մայոր Մուրատ Ըլմազը փորձած են երկրին մէջ բռնի կերպով փոխել սահմանադրական կարգը։
15 յուլիսին երկու զինուորականները կը հերթապահէին քաղաքի ժանտարմերիայի հրամանատարութեան շէնքին մէջ: Անոնք չեն ընդունած իրենց առաջադրուած մեղադրանքը։