Թուրքիոյ կառավարութիւնը Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի անդամներուն արտօնած է այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ առաքելութիւն կատարող գերմանացի զինուորականներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեանը, նշելով, որ Անգարայի այս քայլը ողջունուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի կողմէ: «Երեսփոխանները պէտք է կարենան այցելել այն բանակին, որ հաշուետու է խորհրդարանին առջեւ: Թուրքիոյ կառավարութեան այդ որոշումով մենք քիչ մը յառաջխաղացք ունեցանք մեր յարաբերութիւններուն մէջ», -ըսած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը:
Նշենք, որ Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ ՏԱԷՇ-ի դէմ պայքարելու նպատակով կը գտնուին գերմանական «Թոռնէյտօ» տիպի հետախուզական օդանաւեր եւ 240 գերմանացի զինուորներ: