image
Հրատապ լուրեր:

«Թող 2021-ը Ազգային միասնութեան եւ համերաշխութեան տարի ըլլայ» Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան

«Թող 2021-ը Ազգային միասնութեան եւ համերաշխութեան տարի ըլլայ» Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Թեմի Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան մեր խնդրանքով Ամանորեայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ ուղերձ մը շնորհեց «Արեւելք»ին, որ սիրով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան.


Քրիստոնէական ջերմ սիրով, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգ. Առաջնորդարանէն յատուկօրէն կ'ողջունենք Հայաստանի ու Արցախի մեր սիրելի քոյրերն ու եղբայրները:

Խօսելով 2020 տարուայ մասին՝ բոլորս ալ մեծ ողբերգութիւններէ անցանք, ոչ թէ միայն համաճարակի ստեղծած տագնապալից ու մտահոգիչ երեւոյթներու պատճառով, այլ յատկապէս տարուայ վերջին երեք ամիսներու ընթացքին Արցախի դէմ պարտադրուած պատերազմին ու յատկապէս անոր հետեւանքներով կորսնցուցած մեր քաջարի հերոսներուն, նաեւ հողային կորուստի առումով: Սակայն այսօր երբ միասնաբար դիմաւորեցինք նոր տարին առիթ է մեզի նոր յոյսով ներշնչուելու, գօտեպնդուելու եւ զօրանալու, որովհետեւ մեր պատմութեան մէջ նմանօրինակ պարտութիւնները միշտ մեզի նոր ուժ, նոր թափ, նոր աւիշ տուած են մեզի։ Եւ այսօր երբ կը գտնուինք ծանր պայմաններու մէջ, յատկապէս ներքաղաքական իմաստով, կը մաղթեմ, որ 2021 տարին ըլլայ ազգային միասնութեան եւ համերաշխութեան տարի. պառակտումները մեզ կ'առաջնորդեն դէպի յաւելեալ կորուստներ, անհամաձայնութիւնները եւ անհաշտ ու անկայուն վիճակը մեզ կ'առաջնորդեն դէպի անկում, դէպի կորուստ ինչ որ մեր թշնամիին փափաքն է: Սակայն մեր ազգային միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը, յատկապէս նմանօրինակ տագնապալից օրերու ընթացքին արհաւիրք կը պատճառէ մեր թշնամիներուն: Հետեւաբար սիրելիներ, մաղթանքս է եւ աղօթքս, որ 2021 տարին ըլլայ ազգային միասնութեան եւ համերաշխութեան տարի: Ինչպէս նաեւ յատուկօրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ 2021 տարին հռչակուեցաւ Արցախի տարի, այդ խօսքով ամբողջ տարի մը ունինք կեդրոնացնելու մեր ուժերն ու մեր մտածումները Արցախի եւ ու մանաւանդ հերոս արախցիին մասին մտածելով:

Գալիք օրերու ընթացքին նաեւ միասնաբար պիտի դիմաւորենք եւ հանդիսաւոր կերպով տօնախմբենք Քրիստոսի Ծննդեան տօնը, ահաւասիկ կրկնակի երեւոյթ մը, որ փրկութեան ու խաղաղութեան պատգամ մըն է, Քրիստոսի աշխարհ գալը բացի Աստուծոյ մարդեղացումէն նաեւ մարդկութեան փրկութեան մեծագոյն խորհուրդն էր, Աստուծոյ սիրոյ իբրեւ արտայայտութիւն մարդ արարածին տրուած մեծագոյն զոհողութիւնն էր, եւ այդ զոհողութեան գիտակցութիւնը Աստուած ինք սորվեցուց մեզի եւ փոխանցեց Քրիստոսի միջոցաւ. հետեւաբար զիրար սիրելով, ինչպէս Քրիստոս պատգամեց իր աշակերտներուն «մարդիկ պիտի ճանչնան որ դուք իմ առաքեալներս էք» մենք եւս ազգովին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ զիրար սիրելով, Քրիստոսի աշխարհ բերած խաղաղութեան ու փրկութեան հրաւէրին ընդառաջելով միասնաբար փորձենք տօնել Քրիստոսի Ծնունդը, եւ Քրիստոսը դարձնենք մեր կեանքի առաջնորդը, ինչպէս նաեւ մեր մութ եւ մթագնած մտածելակերպն ու ճանապարհները լուսաւորող փրկիչը: Ի սրտէ այս զոյգ առիթներուն կու գամ իմ աղօթքներս բարձրացնելու առ ամենակալ բարձրեալն Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ հայութիւնը, մեր զոյգ հայրենիքները՝ Հայաստանն ու Արցախը ինչպէս նաեւ սփիւռքը. Աստուած խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ սէր սերմանէ մեր բոլորին սրտերուն մէջ, որպէսզի կարենանք մեր անձնական շահերը մէկդի դնելով համախմբուիլ հայրենիքի ու ազգային շահերուն շուրջ։ Հետեւաբար առանց հաւատալու մարդկային կարողութիւններուն, որոնք սահմանափակ են կու գանք հաւատալու երկնային կարողութիւններուն, որոնք անսահմանափակ են եւ ինչպէս Աւետարանը պիտի ըսէր՝ «ինչ որ մարդուն համար անկարելի է Աստուծոյ համար կարելի է»: Հայրենիքը այսօր խաչմերուկի դիմաց է, եւ մենք պէտք է հայրենիքը դուրս բերենք այս տագնապալից վիճակէն: Թող որ Աստուած մեր բոլոր ղեկավարներուն իմաստութիւն շնորհէ, որպէսզի ազգային ու հայրենիքի շահերէն մեկնած մենք կարենանք առաջնորդել մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը դէպի խաղաղութիւն, դէպի համերաշխութիւն:

Կրկին կ'ողջունենք ձեզ եւ կը մաղթենք, որ 2021 տարին ըլլայ շնորհաբեր, օրհնաբեր, համերաշխ ու խաղաղ տարի մը: Շնորհաւոր նոր տարի եւ Ս.Ծնունդ. Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս: