Ատրպէյճանական մետիատիրոյթին մէջ երէկ տարածուեցաւ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, որոնք կը ներկայացուէին՝ իբրեւ Շուշիի գրաւման ապացոյցներ։
«Տեղեկատւութեան ստուգման կեդրոնը» կը յայտնէ, որ տարածուող տեսանիւթերուն եւ լուսանկարներուն մէջ երեւցող ամրոցը որեւէ առընչութիւն չունի միջնադարեան Շուշիի բերդին հետ։
Տեսանիւթին մէջ խումբ մը տղամարդիկ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշներն կ'ամրացնեն բերդի գլխամասին: Յատկանշական է, որ դրօշները ամրացնողները ո՛չ զինուորական հագուստով են, եւ ո՛չ ալ զինուած, աւելին՝ քաղաքացիական հագուստով են։
Յաջորդ վայրկեաններուն բարձրունքէն երեւցող քաղաքին մէջ որեւէ աւերածութիւն չկայ։ Հարց կ'առաջանայ՝ իսկ այդ թէժ մարտերը ուր կ'ընթանայի՞ն:
Ի վերջոյ, պարզապէս համեմատելով Շուշիի եւ տեսանիւթին մէջ երեւցող բերդերը, կը տեսնենք, որ անոնք տարբեր են։