image

ԱՄՆ-ի մէջ դադրեցուած է 1 սենթի թողարկումը

ԱՄՆ-ի մէջ դադրեցուած է 1 սենթի թողարկումը

Միացեալ Նահանգները՝ աւելի քան 230 տարի անց, կը դադրեցնէ 1 սենթ (գործածական անուանումը՝ փենի) մետաղադրամներու հատումը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ԱՄՆ-ի ֆինանսներու նախարարութիւնը նշած է, որ որոշման պատճառը այն է, որ այսօր այս մետաղադրամը գործնականօրէն չի կիրառուիր, իսկ անոր արտադրութիւնը թանկ կը նստի հարկատուներու վրայ։

AP լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երբ այն առաջին անգամ 1793-ին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ, 1 սենթով կարելի էր գնել թխուածքաբլիթ, մոմ կամ քաղցրեղէն։ Մինչդեռ այսօր փենին այնքան փոքր արժէքի դրամական միաւոր է, որ գրեթէ այլեւս չի գործածուիր։ Աւելին՝ իւրաքանչիւր փենիի հատումը կ՚արժէ 4 սենթ։

Միլիառաւոր փենիներ ներկայիս դեռ կը գտնուին շրջանառութեան մէջ եւ պիտի շարունակեն մնալ օրէնքով սահմանուած վճարամիջոց, սակայն նորեր այլեւս չեն հատուիր։

ԱՄՆ գանձապետարանի գանձապետ Պրէնտըն Պիչը, որ նոյեմբեր 12-ին սեղմած է վերջին փենին թողարկելու կոճակը, յայտնած է, որ այս որոշումով անոնք պիտի խնայէ շուրջ 56 միլիոն տոլար։