Զելենսքին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ալիեւի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ Ատրպէյճանի աջակցութեան եւ յայտնած ցաւակցութիւններուն համար։
Ան նշած է, որ անցեալ գիշեր Ռուսիան Ուքրանիոյ դէմ կիրառած է հարիւրաւոր անօդաչու թռչող սարքեր եւ պալիսթիք հրթիռներ։ Ցաւօք, աւերածութիւններ եւ վնասներ եղած են, որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան։ Զելենսքին ընդգծած է, որ Ալիեւը դատապարտած է հարուածը՝ նշելով, որ սա առաջին դէպքը չէ, երբ ռուսերը կը թիրախաւորեն դեսպանատան շէնքը եւ Ատրպէյճանի հետ առընչուած այլ կառոյցներ։
«Քննարկած ենք նաեւ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ գործընկերութեան զարգացման հեռանկարները։ Այժմ բացուած է կանաչ լոյս՝ համագործակցութեան բոլոր ոլորտներուն համար։ Ներուժը մեծ է, եւ մենք մտադիր ենք այն լիարժէք օգտագործել»,–նշած է Զելենսքին։