Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Թիֆլիսի մէջ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլիի հետ հանդիպումէն ետք, անդրադարձած է հայ-վրացական համագործակցութեան օրակարգին եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:
Նախարարը նշած է, որ երկու երկիրներու տարբեր նախարարութիւններու միջեւ ուղղակի շփումներն ու համագործակցութիւնն ամէնօրեայ բնոյթ կը կրեն։ Ան ընդգծած է, որ երկկողմ օրակարգը բազմաշերտ է եւ կ՚ընդգրկէ բոլոր բնագաւառները՝ տնտեսութենէն մինչեւ անվտանգութիւն, կրթութենէն եւ մշակոյթէն մինչեւ զբօսաշրջութիւն:
Միրզոյեանը շեշտած է, որ ժամանակակից միտումներու պայմաններուն մէջ առաւել մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ փոխկապակցուածութիւնը։
«Եւ երբ ասում եմ փոխկապակցուածութիւն, ես նկատի ունեմ թէ՛ մակրո, թէ՛ միկրո մակարդակներում. մակրո մակարդակում՝ տարածաշրջանում կապուղիների գործարկումը, երկու երկրների միջեւ տնտեսական ու առեւտրային կապերը, իսկ միկրո մակարդակում՝ մարդկանց, անհատների միջեւ փոխկապակցուածութիւնը»,- ըսած է նախարարը։
Նախարարն աւելացուցած է, որ այս փոխկապակցուածութիւնն իրապէս պահանջուած է առաւել, քան երբեւէ եւ կը հանդիսանայ քաղաքացիներու բարեկեցութեան կարեւոր գրաւական։
Մաքրօ մակարդակի փոխկապակցուածութեան իմաստով Միրզոյեանը կարեւորած է Հարաւային Կովկասի ներուժը՝ փոխշահաւէտ համագործակցութեան միջոցով դառնալ կամուրջ աւելի լայն աշխարհագրութեամբ տարածաշրջաններու միջեւ:
Ան անդրադարձած է նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին՝ նշելով.
«Այստեղ նորութիւն է խաղաղութեան հաստատման փաստը. խաղաղութիւն, որը հաստատուեց Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ օգոստոսի 8-ին ԱՄՆ նախագահի ներգրաւուածութեամբ Վաշինգտոնում ձեռք բերուած համաձայնութիւններով։ Մենք հաւատացած ենք, որ այս խաղաղութեան հաստատմամբ, խաղաղութեան, ինքնիշխանութեան շարունակական ամրապնդմամբ մեր տարածաշրջանն իրապէս կարող է վերածուել խաչմերուկի, կապուղիների հանգոյցի»։
Արարատ Միրզոյեանը յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը, այդ շարքին՝ ՀՀ տարածքի մէջ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագրի իրականացումը, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներու շրջածիրէն ներս, պիտի ապահովեն փոխադարձ առաւելութիւններ եւ կայունութիւն տարածաշրջանի երկիրներու համար:
Անդրադառնալով երկկողմ յարաբերութիւններուն՝ Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ հայ-վրացական աւանդական բարեկամութիւնն այժմ իր արտայայտութիւնը գտած է ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին մէջ:
«Ռազմավարական գործընկերութեան միջոցով մենք պէտք է շարունակաբար նպաստենք փոխկապակցուածութեան ընդլայնմանը, ամրապնդմանը եւ հակառակը՝ այդ ճանապարհին թոյլ չտանք խոչընդոտներ։ Այսօր գործընկերոջս հետ քննարկել ենք այս տեսլականը, մօտեցումը, եւ կարծում եմ, որ կայ երկուստեք փոխշահաւէտ ըմբռնում։ Բնականաբար, տեղեակ ենք գործարար շրջանակների կողմից բարձրացուող խնդիրներից, որոնց հասցէագրման ուղղութեամբ ունենք քաղաքական փոխըմբռնում»,-ըսած է Միրզոյեանը։
Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ յաջորդ տարի գարնան Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը, որուն մասնակցութեան համար վրացական կողմը պիտի սպասեն Երեւանի մէջ։