Քիեւի վրայ գիշերային յարձակման ժամանակ Ռուսիոյ արձակած «Իսքանտեր» հրթիռի մնացորդներն ինկած են Ատրպէյճանի դեսպանատան շէնքի վրայ՝ յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Հարուածի ժամանակ օգտագործուած են մօտ 430 անօդաչու թռչող սարք եւ 18 հրթիռ, այդ շարքին՝ պալիսթիք հրթիռներ։ Զոհուած է 4 մարդ»,-ըսուած է նախագահի յայտարարութեան մէջ։
Զելենսքիի խօսքով՝ ներքին գործոց նախարար Իկոր Քլիմենքոն զեկուցած է դէպքի վայրին մէջ փրկարարական գործողութիւններու ընթացքի մասին։