image

Թրքական «ՓԻ.ԱՐ»ի գործակալ Ռան Թորոսեանի հայրը եւ նախնիները հայեր են

Թրքական «ՓԻ.ԱՐ»ի գործակալ Ռան Թորոսեանի հայրը եւ նախնիները հայեր են

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Անցեալ շաբաթ յօդուած մը գրած էի Նիւ Եորքի 5W հանրային կապերու ընկերութեան նախագահ Ռան Թորոսեանի մասին, որ 60 հազար տոլարի համաձայնագիր կնքած էր, որպէսզի «ՓԻ.ԱՐ»ի աշխատանքներ կատարէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ի նպաստ, Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 

Ես գրած էի, որ չեմ գիտեր, թէ արդեօք Թորոսեանը ազգութեամբ հա՞յ է, թէ՞ պարզապէս հայկական մականուն կը կրէ, քանի որ որոշ հրեաներ եւ իրանցիներ նոյնպէս ունին հայկական մականուններ: Նախկին յօդուածս գրելէ առաջ, փորձած էի կապուիլ անոր հետ եւ երկու ձայնային հաղորդագրութիւն ձգած էի անոր գրասենեակը, սակայն ան չէր պատասխանած իմ հեռաձայններուս:

 

Այդ յօդուածը գրելէս ետք, Ռան Թորոսեանէն ելեկտրոնային քանի մը նամակներ եւ հեռաձայններ ստացայ: Սակայն, ան խնդրեց չհրապարակել մեր հեռաձայնային զրոյցները: Ես նաեւ բազմաթիւ նամակներ եւ հեռաձայններ ստացած եմ տարբեր երկիրներ ապրող հայերէ, որոնք ծանօթ էին Թորոսեաններու ընտանիքին:

 

Միաժամանակ նկատեցի, որ որոշ ընթերցողներ մեկնաբանութիւններ ըրած էին որոշ կայքերու մէջ տեղադրուած իմ յօդուածիս տակ՝ պնդելով, որ Թորոսեանը հայ չէ, այլ պարզապէս հրեայ կամ իրանցի, որ կը կրէ հայկական մականուն: Այս մեկնաբաններու ենթադրութիւններուն հիմք կը ծառայէր այն փաստը, որ համացանցային բոլոր յօդուածներու մէջ Թորոսեանի մասին կը յիշատակուի իբրեւ հրեայ, եւ կը նշուի անոր աշխուժ գործունէութիւնն ու մասնակցութիւնը հրէական հարցերու եւ կազմակեպութիւններու մէջ:

 

Սակայն, քանատահայ մը, որ անցեալին ապրած է Երուսաղէմ, ինծի տեղեկացուց, որ ինքը այդ քաղաքը մեծցած է Ռանի հօր՝ Յարութ Թորոսեանի հետ, որ ներկայիս Նիւ Եորք կ՛ապրի: Ռանի մեծ հայրը Ոսկան Թորոսեան էր, իսկ մեծ մայրը՝ Մարիամ:

 

Ոսկան եւ անոր ընտանիքը ապրած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի տարածքին մէջ: Իբրեւ վարպետ՝ Ոսկան աշխատած է պատրիարքարանի մէջ: Ռանի հայրը յաճախած է Սրբոց Թարգմանչաց հայկական վարժարանը: Ե՛ւ հայրը, ե՛ւ մեծ հայրը եղած են ՀՄԸՄի անդամներ (հայկական մարմնամարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւն): Ոսկան եղած է նաեւ ՀՅԴի հաւատարիմ անդամ:

 

Քանի որ Ռանի հայրը ամուսնացած է հրեայ կնոջ հետ, ապա հրէական համայնքը Ռանը կը համարէ հրեայ: Ան հասակ առած է իբրեւ հրեայ եւ ինքզինք հրեայ կը դաւանի, այլ ոչ թէ հայ: Ես շատ բան իմացայ Ռանի ընտանեկան ընկերներէն եւ հօր դասընկերներէն անոր հարազատներուն եւ անոնց կեանքին մասին, սակայն Ռանի անձնական կեանքի գաղտնիութեան պահպանման համար, ես որոշեցի այլ մանրամասներ չհրապարակել: Միայն նշեցի անոր հայրը եւ նախնիները, որպէսզի ապացուցեմ, որ ան մասնակիօրէն հայկական ծագում ունի, այլ ոչ թէ իրանցի է, կամ ամբողջովին հրեայ:

 

Հետաքրքրականը այն է, որ իր ելեկտրոնային նամակներէն մէկուն մէջ, զոր Ռան Թորոսեան ուղարկած էր ինծի՝ իմ առաջին յօդուածէս ետք, ան յայտարարած է. «Ես հրեայ եմ: Ես ծնած եմ Ամերիկա եւ մեծցած՝ հրէական ընտանիքի մէջ, իսկ իմ զաւակներս հպարտութեամբ կը կրթեմ հրէական ցերեկային դպրոցներու մէջ: Ես զիս երբեք հայ չեմ համարած: Դուք կ՛իրականացնէք ծիծաղելի, անհեթեթ եւ քայքայիչ, լակմուսային տգեղ քննութիւն»: Ան նաեւ խնդրած է, որ իր նամակին մնացած հատուածը չհրապարակեմ:

 

Ես պատասխանեցի Թորոսեանի նամակին՝ ըսելով. «Շնորհակալ եմ, որ վերջապէս կապ հաստատեցիք հետս: Կը փափաքէի, որ Դուք պատասխանած ըլլայիք իմ երկու հեռաձայնային հաղորդագրութիւններուն, զորս ուղարկած էի անցեալ ամիս: Հրեայ զգալը Ձեր ընտրութիւնն ու որոշումն է, զոր ես կը յարգեմ: Այսուամենայնիւ, հրեայ ըլլալը չ՛ազատեր Ձեզ Ցեղասպանութիւնը ժխտող երկրի մը համար «ՓԻ.ԱՐ» ընելու անընդունելի վարքէն, անկախ անկէ, թէ Դուք հրեայ էք, հայ կամ այլ ազգի ներկայացուցիչ: Հայկական եւ հրէական ազգային ծագում ունենալը Ձեզ կը դարձնէ ինչպէս Հոլոքոսթի, այնպէս ալ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդ, ինչ որ կրկնակի բեռ կը դնէ Ձեր վրայ՝ յատկապէս զգայուն ըլլալու Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն հանդէպ: Միայն այն, որ Դուք դրամական շահ կ՛ապահովէք «ՓԻ.ԱՐ» ընելով՝ յօգուտ Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն, չ՛արդարացներ Ձեր մասնագիտական գործունէութիւնը: Ինչպէս նշած էի յօդուածիս մէջ, Դուք անձնապէս քննադատած էիք այն մարդիկը, որոնք «ՓԻ.ԱՐ» կ՛ընէին բռնապետերուն ի շահ: Միչդեռ հիմա Ձեզ կը վճարեն՝ «ՓԻ.ԱՐ» ընելու համար բռնապետ Էրտողանի օգտին: Եթէ Դուք կը կարծէք, որ Էրտողանը բռնապետ չէ, ուրեմն Դուք այն սակաւաթիւ մարդոցմէ էք, որոնք  այդպէս կը մտածեն...»:

 

Ռան Թորոսեան պատասխանեց նամակիս՝ այսպէս. «Քննադատեցէք զիս որքան ուզէք: Սակայն, կը խնդրեմ, խնդրոյ առարկայ մի՛ դարձնէք ընտանիքիս կամ ազգային պատկանելութեանս մասին Ձեր տեսակէտները: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ես զիս երբեք հայ չեմ դաւանած»:

 

Պէտք է տեղեկացնեմ Ռան Թորոսեանին, որ ես տարիներ շարունակ տասնեակ յօդուածներ գրած եմ՝ քննադատելով բոլոր անոնք, անկախ անոնց ազգութենէն, որոնց վարձած են թրքական իշխանութիւնները՝ լոպիինկի կամ հանրային կապերու նպատակով: Անընդունելի է դրամի համար ներկայացնել Թուրքիան, երկիր մը, զոր կը ղեկավարէ բռնապետ Էրտողանը, կ՛ոտնահարէ իր քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

Հետաքրքրական է, որ 2010 Յունիսին, մինչեւ Թուրքիոյ հետ Թորոսեանի «ՓԻ.ԱՐ»ի համաձայնագրի ստորագրումը, Ռան հակաթրքական բողոքի ցոյց կազմակերպած էր Մենհեթընի մէջ, թրքական մարդասիրական նաւատորմի վրայ իսրայէլցի զինուորներու յարձակումէն ետք: Կը մէջբերեմ անոր յայտարարութիւնը. «Ինչ որ, այսպէս կոչուած, խաղաղ ցուցարարները ըրին թրքական նաւի վրայ, ոչ այլ ինչ էր, քան խորամանկօրէն մշակուած հակահրէական մաքրագործում»:

 

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան