Հայրենիք-Հայաստանը, որ հայութեան խորհրդանիշն է, իր ինքնութեան վարկանիշը, գոյութեան բարձրանիշը եւ յաւերժութեան ցուցանիշը, հանդիսանալով այն երաշխիքը, որ հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի հպարտանալու իրմով, այնքան ատեն, որ անիկա է ու կը մնայ այն դրօշակակիրը, առանց որուն կարելի չէ պատկերացնել որեւէ այլընտրանք։
Հայոց պատմութիւնը վկայ, որ ան այդ արժանիքներով եւ յատկանիշներով, ոչ միայն կրցաւ գոյատեւել, այլ յաղթահարել բազում դժուարութիւններ, մնալով կանգուն, ձիգ ու պիրկ, հաւատալով այն բարօրութեան, որ այլ գործընթաց չէ ճակատագրուած իրեն։
ՀՀ Ազգային Ժողովին Մէջ «ՑԼԱՄԱՐՏԻԿ»ՆԵՐՈՒ ՍՆԱՄԷՋ ԵՒ ԱՆՏԱՌԱԲԱՐՈՅ ՊԱՅՔԱՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ «ՀԱՑԻՆ ԻՒՂ ԿԸ ՔՍԷ»
Իսկ այդ վճռակամութիւնը եւ հեռատեսութիւնը, հայութեան համար դարձան՝ կիրք ու ձիրք, ուժ եւ հզօրութիւն, իրատեսութիւն եւ իրապաշտութիւն, տեսիլք եւ յայտնութիւն, կառչած մնալու իր արմատներուն եւ ակունքներուն, որքան ալ պատուհասները եւ աղէտները ըլլան անպակաս, չարիքները հետեւողական ու չարագործները անխուսափելի, բայց, ինք կը մնայ անսասան եւ աներեր։
Թերեւս գիտակցուած ու հիմնաւորուած էր, թէ ինչու հայութիւնը միշտ ալ մնաց պատնէշի ու պատուանդանի վրայ, հոգ չէ թէ անիկա ենթարկուած ըլլայ հալածանքի եւ յոշօտանքի, բրտութեան ու բռնութեան, բայց, երբեք չզիջելու գնով իր էութենէն, ոչ ալ հրաժարելու իր կամեցողութենէն, միշտ մնալով հաւատարիմ իր «ցեղին կանչ»ին, հո՛ն գտնելով իր ազատութիւնը, հո՛ն տեսնելով իր ինքնատպութիւնը եւ հո՛ն զգալով իր իւրօրինականութիւնը։
Սխալ չէին այս մօտեցումները ու վերաբերմունքները, ոչ ալ անցողակի կամ պատահական, որովհետեւ հայութիւնը ըմբռնած ու հաստատած էր, որ ինք իրաւունք չունէր կորչելու, հիւծուելու կամ ոչնչանալու։
Հետեւաբար, այդ զգացումներով ու սկզբունքներով ապրեցաւ ան, գործեց, շինարարեց, ծառայեց, ու փայլատակեցաւ, որովհետեւ, այլ ուղիով կամ ճանապարհով ընթանալը, իրեն համար, մահուկենաց խնդիր էր, որմէ չէր կրնար հրաժարիլ, նոյնիսկ իրաւունք չունէր մտածելու այդ մասին, այլ՝ այդ բոլորը փոխարինելով՝ կայուն, մնայուն, ամրակուռ եւ ամրապինդ առանցքներու ու հիմքերու։
֍֍֍
Դարձեալ ու դարձեալ, անխուսափելի եղաւ այլ ձեւով մտորել այն կացութիւնը, որուն մէջ կը գտնուի, կը ծփայ ու կը գալարուի հայութիւնը, ա՛յս հանգրուանին, երբ անոր կայունութիւնը, հանդարտութիւնը ու հեզասահութիւնը, ո՜րքան անհրաժեշտ եւ անմիջական գործօններ են իր համակեցութեան ու գոյակեցութեան։
- Ինչո՞ւ այդպէս կը տարուինք մտածելու։
- Ինչո՞ւ այդպէս կը կարծենք գտնել մեր անդորրութիւնը։
- Ինչո՞ւ այդպէս կը տառապինք ու կը խեղճանանք։
- Ինչո՞ւ «մութ ամպ»երու տակ կ’ապրինք ու կը գործենք։
- Ինչո՞ւ լաւատեսութիւնները մէկ կողմ դրած, յոռետեսութիւնները կը ճնշեն մեր վրայ։
- Ինչո՞ւ մեր վէրքերը սպիացնելու տեղ, զանոնք աւելի կը գրգռենք ու կը խորացնենք։
- Ինչո՞ւ զգաստանալու ու սթափելու կարգավիճակի մէջ չենք։
- Ինչո՞ւ հակամարտութիւնները ու հակառակորդութիւնները աւելի սրած են։
- Ինչո՞ւ հայութիւնը (Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք) կը գտնուին տարբեր բեւեռներու վրայ։
Այս շարքը կրնայ երկար եւ անպոչ դառնալ, բայց, իրականութենէն բան մը կը փոխուի՞, երբ թաւալագլորումները կը շարունակուին քիչ մը ամէն տեղ, բայց, մանաւանդ Հայաստանի մէջ, ուրկէ հնչած արձագանգները, արձանագրուած դղրդիւնները, արձակուած ցնցումները եւ արտաբերուած ժխորները, կրնա՞ն հանգստացոցւիչ կամ հանդարտեցուցիչ ըլլալ, երբ անոնք միայն աղէտի ղօղանջներ են, տխրահռչակութեան մունետիկներ, թուլամորթութեան սրսկումներ եւ, առհասարակ, հիւանդկախութեան սեւեռումներ։
Կրկնելու գնով կ’ըսենք ու կը հաստատենք, որ Խորհրդային Հայաստանը, երբեք նման խորթ, անհաճոյ եւ անտեղի զգացումներու դուռ չէ բացած, հոգ չէ, թէ հոն կային «կաղացումներ ու թերացումներ», բայց, ատոնք արդեօ՞ք այնքան վնասակար էին կամ թունաւոր, երբ ԱՄԲՈՂՋ Հայաստանի մը ծնունդ տուին (որուն մասին բազմիցս խօսուած ու գրուած է), իսկ այսօրուան զայն «վայելող»ները, ոչ միայն այդ մասին չեն խօսիր, չեն յիշատակեր, այլեւ՝ արհամարանքով կը բարբաջեն կամ կ’արտայայտուին, առանց անդրադառնալու, թէ՝ հայրենիքին հետ կարելի չէ վերաբերուիլ նման անճարակութեամբ եւ անճոռնիութեամբ։
Պահ մը կարծուեցաւ կամ թուաց, թէ՝ ինչ որ կը կատարուի անկա՜խ Հայաստանի մէջ, իր ճամարտակութեամբ, ճոռոմաբանութեամբ ու կոկոզաբանութեամբ, լոկ, պարագաներու ու պայմաններու բերումներով են, սակայն, ո՛չ, ատոնք շարունակուող, ստուերացնող ու պախարակող են, յատկապէս, երբ անոնց թատերաբեմը, նոյնինքն… Ազգային Ժողովն է։
Մարդ կը զարմանայ, կ’ապշի, կը զայրանայ ու կը կատղի, որ՝ Ազգային Ժողով մը, որ կրնայ ու պէտք է իր մէջ պարփակէ, իր ժողովուրդէն ներկայացուցիչներ, անոնք ըլլան իր «պորտ»էն ծնունդ առածներ, մինչ այսօր, շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր, բացի՝ օրէնսդրական ու կանոնադրական շինիչ օրակարգերէն, միայն զբաղած են, նախ՝ իրենց ներկայացուցչական պատկանելիութիւնները ստուերելով, ապա, ժողովրդավարութեան սկզբունքները ոտնակոխելով։
Հետաքրքրական է, այլապէս ալ՝ ամօթալի չէ՞ որ, հայրենիքի խորհրդարանը (իմա՝ Ազգային Ժողովը), ցայսօր վերածուած է ցլամարտութեան դաշտի մը, ուր՝ ոչ թէ օրինապահ ու ծառայողական արթնամիտներ պէտք է ըլլային, անկա՜խ Հայաստանի կարաւանը կազմակերպելու, համալրելու ու առաջնորդելու, մինչ անդին, աւելի քան ցաւալի է, որ անոնց մեծ մասը, իր ազգային-կառավարական-խորհրդարանական պարտականութիւնները թողլքած, հայութեան կը ներկայանայ… «գիշատիչ» ժանիքներով եւ ատամներով, ուր՝ ժողովրդավարութեան հետք չկայ, համահանդուրժողութեան բարոյականութիւնը համարեա բացակայ է, իսկ բրտութեան օրինակները, մնայուն անհաճոյ պատկերներ են։
Այս տխեղծութիւնները, ճղճիմութիւնները եւ ողորմելիութիւնները, մինչեւ ե՞րբ կրնան կրկէսային տեսարաններու սահմաններուն մէջ մնալ, վերջին հաշուով, ի՞նչ ընելու եւ ի՞նչ ըսելու, երբ՝ հայութիւնը, այլեւս զզուած ու գարշած է նման կապկութիւններէն ու խաղքութիւններէն, իսկ զանոնք «բնորոշող»ները, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր կը մնան թատերաբեմերուն վրայ, իսկ Հայաստանը կ’եռայ, կը պղպջայ ու կ’եփի ինքն իր մէջ, տեսնելով այն «պարեղանակ»ները, որոնք կը պարզուին իր աչքին առջեւ, առանց որ՝ դոյզն բարեփոխումներ արձանագրուին, ընդհակառակը, ամէն օր, նոր այլանդակութիւններ կը նշմարուին, երբ կը տեսնենք, թէ Ազգային Ժողովին մէջ կատարուածները, ո՜ւր կը տանին հայրենիքը իր անկախութեամբ, ժողովրդավարութեամբ եւ տնօրինութեամբ։
֍֍֍
Հոս, դարձեալ կ’ուզեմ յիշատակել եւ ընդգծել, որ խորհրդային կարգերու ժամանակ, կա՞ր, կա՞յին, նման ներխորհրդարանական գզուըռտոցներ, բռնցքամարտեր, գոյակռիւներ, լեզուալուտանքներ, որոնք կը վարկաբեկէին յատենի հանրապետութեան հեղինակութիւնը եւ կ’ոտնակոխէին անոր արժանապատուութիւնը։
Կրնային ըլլալ որոշ սայթաքումներ ու վրիպումներ, բայց, այն ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ, խորհրդարանական մակարդակով ու ժողովրդավարական սլացքով, ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ է, իր բազմակողմանի ու բազմերես տխուր արտայայտութիւններով ու գործընթացներով։
Ինչպէ՞ս կարելի է համակերպիլ ու հանդուրժել այն դժխեմ տեսարաններուն, որոնք, ոչ միայն երէկ, բայց, վերջերս, դարձեալ արձանագրուեցան Ազգային Ժողովէն ներս, որ յիշեցուց (ու կը յիշեցնէ) «Ալքափոնեան» ցուցամոլութիւնները ու ուռուցքաբանութիւնները, երբ ոչ միայն հայութիւնը, այլ՝ ամբողջ աշխարհը կը դիտէր ու կ’ապրէր… առաջին քրիստոնեայ պետութեան ժառանգորդներուն… «հիսթերիզմ»ը։
Այս գրառումներն ու դիտարկումները կը կատարենք, վստահաբար, ոչ առաջին անգամ, սակայն, մեկնելով, մեր հայրենասիրական ու հայրենապաշտական զգացումներէն, կառչածութենէն ու հաւատարմագրութենէն, որ հայրենիքը՝ մեր հարազատ օրրանը եւ անփոխարինելի կռուանը, պէտք չէ դառնայ ու վերածուի ՑԼԱՄԱՐՏԻ տարածքի մը, ուր խելակորոյսներ կամ խելագարներ, կարենան իրենց «քէֆ»երով, յումպէտս վատնումներու մէջ խրուին, ի հաշիւ հայրենիքի գոյութեան, յարատեւութեան ու հզօրութեան վարկաբեկչական ախտերուն։
Եթէ՝ գալիք ժամանակները ու հանգրուանները, այս ուղղութեամբ պիտի չտան դրական ու գործնական տուեալներու նմոյշներ, յետայնու ի՞նչ չափանիշներով ան պիտի կարենայ, իր յաւերժական «ելից»ը ապահովել եւ իր «կեցութիւնը» պաշտպանել։
֍֍֍
Եթէ սփիւռքահայեր, տարտղնուած տարածքներու ու պայմաններու մէջ, այս սուր մտահոգութիւններով կ’ապրին, կը շնչեն, կը նշանակէ, թէ՝ պարտաւորութիւն կայ, այլեւս՝ դուրս գալ մակընթացութիւններէն ու համրաքայլութիւններէն եւ ուղղուիլ դէպի ԻՍԿԱԿԱՆ նպատակակէտերը, իսկ ատոնք, ի՞նչ կրնան ըլլալ, եթէ ոչ՝ ձերբազատուիլ արկածախնդրութիւններէն ու պատեհապաշտութիւններէն ու լծուիլ՝ բնականոն, գործնամիտ ու կենսախինդ աղբիւրներու, որոնք կը կենդանացնեն ու կ’առողջացնեն հայրենի հայաշխարհը։
Պարոյր Աղպաշեան
(Պէյրութ)