Արեւելեան Թայլանտի պուտտիստական տաճարներէն մէկուն մէջ տեղադրուած ձեռնառումբը 4 անձի կեանք խլած է, եւ 5 անձեր վիրաւորում ստացած են, կը գրէ «Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը:
Ըստ տեղական աղբիւրներու, 30 յունուարին տաճարին մէջ տեղի ունեցած պայթումին բոլոր զոհերը տեղացիներ էին, որոնք կը մասնակցէին տաճարին մէջ կազմակերպուած փառատօնին:
Նշուած է նաեւ, որ ոստիկանութիւնը որպէս կասկածեալներ ձերբակալած է տեղի բնակիչներէն երկուքը, որոնք անդամ են ոճրագործ խմբաւորումներէն մէկուն, իսկ պայթումը, ըստ նախնակն տուեալներու, ուղղուած էր այլ ոճրագործական խմբաւորման մը դէմ: