image

Տեսանիւթ. Ինչպէս տեղի ունեցաւ Գահիրէի եկեղեցւոյ պայթումը

Տեսանիւթ. Ինչպէս տեղի ունեցաւ Գահիրէի եկեղեցւոյ պայթումը

Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հետախուզական տեսախցիկներու արձանագրած տեսաերիզ մը, որուն մէջ նկարահանուած է Ապպասիէի (Գահիրէի կեդրոն)՝ Սբ. Պետրոս եկեղեցւոյ պայթումին վայրկեանները: Այս մասին կը հաղորդէ Ռոյթըրզ, աւելցնելով, թէ պայթումը պատճառած է՝ 25-է աւելի զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ:

Յայտնենք, որ անվտանգութեան մարմիններու կողմէ գաղտնի զետեղուած տեսախցիկներէն մէկուն մէջ, նկարահանուած է Մահմուտ Շաֆիք ահաբեկիչը, որ պայթումէն վայրկեաններ առաջ, մուտք գործած էր աղօթքի սրահ ու անոր կը հետեւէր վարչական անվտանգութենէն անդամ մը: Տեսաերիզին մէջ, յստակ է նաեւ թէ ինչպէս տեղի ունեցաւ պայթումը ղըպտի եկեղեցւոյ մէջ, մինչ ապակիները տարածուեցան ամէն կողմ եւ փոշին ծածկեց տարածքը: