image

Տեղական ինքնակառավարման մարիմիններու ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 38.25 տոկոսը

Տեղական ինքնակառավարման մարիմիններու ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 38.25 տոկոսը

Տեղական ինքնակառավարման մարիմիններու 18 Սեպտեմբեր­ին տեղի ունեցող ընտրութիւններուն, նոյն օրուայ ժամը 17:00-­ի նախնական տուեալներով, մասնակցած է 247 հազար 625 քաղաքացի կամ ընտրողներուն 38.25 տոկոսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով  ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի պաշտօնական կայքը:

Հայաստանի 5 Արագածոտն, Արարատ, Արմաւիր, Սիւնիք, Տաւուշ մարզերու  317 համայնքներուն մէջ 18 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 8-­ին մեկնարկած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:

Դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնեն տեղական 10 կազմակերպութիւններ` 355 դիտորդներով եւ Եւրոպայի խորհուրդի տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրէսի միջազգային դիտորդներ:

Հայաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ նախատեսուած են նաեւ 2 Հոկտեմբերին, երբ ՏԻՄ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան նաեւ երկու կարեւոր համայնքներու` Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ: Կ'ակնկալուի,որ Գիւմրիի  եւ Վանաձորի մէջ թէժ պայքար պիտի ընթանայ` հաշուի առնելով կուսակցութիւններու մասնակցութեան բարձր աստիճանը: