Լիբանան (Լրատուական գործակալութիւններ, Al Jadeed) Լիբանանի մէջ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման սպառնալիքները կը սաստկանան: Ըստ Al Jadeed կայանին, խմբաւորումը մտադրած է ահաբեկչական պայթումներ իրականացնել Պէյրութի մարդաշատ շրջաններուն մէջ: Կայանը նաեւ կը յայտնէ, որ Տահէշ նպատակ ունի ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել թաղման թափօրներու ընթացքին: Աղբիւրին փոխանցմամբ, Տահէշ այս հանգրուանին մտադիր է գործողութիւններ կատարել անձնասպան ժիհատիսներով, որոնք իրենց գօտիներուն վրայ պիտի կրեն C4 պայթուցիկ նիւթը: Նշենք, որ անցնող ժամերուն Պեքաայի Ալ Քահ աւանին մէջ արձանագրուեցան 6 անձնասպանական գործողութիւններ, որոնց հետեւանքով սպաննուեցան 5 քաղաքացիներ: Շրջանին մէջ լարուած իրավիճակ կը տիրէ ու տեղի մարմինները ապահովական մտավախութիւններով յետաձգած են իրենց զոհերուն յուղարկաւորութիւնը: