Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ այսօր ընդունած է Մեծի Տանն Կիլիկիոոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը:
Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Սուրիոյ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շնորհաւորանքները յայտնած է Սուրիոյ նախագահին ու սուրիացի ժողովուրդին մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքի ազատագրութեան առթիւ եւ յոյս յայտնած , որ այդ կարեւոր ձեռքբերումէն ետք Սուրիոյ բանակն ու պետականութիւնը կ'ազատագրեն ամբողջ երկիրը ահաբեկիչ տարրերէ եւ կ'ամրապնդեն իրենց ներկայութիւնը ամբողջ երկրին մէջ:
Իր կարգին Սուրիոյ նախագահը նկատել տուած է, որ անցնող տարիներուն Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւերը նպատակ ունէին խախտել երկրի միասնութիւնը եւ հարուածել երկրի մշակութային եւ քաղաքակրթական հարստութիւնը դիտել տալով, որ Սուրիոյ ժողովուրդը աւելի քան որեւէ ժամանակ կառչած կը մնայ երկրի միասնականութեան եւ համակեցութեան գաղափարներուն:
Նշենք, որ Արամ Ա. Վեհափառին այս այցելութեան ընկերակցած են Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ Ազգային ժողովի անդամ ՝Տիար Ժիրայր Ռէիսեան եւ Հալէպի պատասխանատուներէն Տիար Կարօ Եուզպաշեան:
Տեսանիւթը ՝ «Կիլիկիա Թի. Վի.»էն