Սուրիոյ մօտ ՄԱԿ-ի դեսպան Տէ Միսթուրայի մամլոյ խօսնակը յայտարարած է, որ Տէ Միսթուրա մտադիր է 8 փետրուարին Ժնեւի մէջ բանակցութիւններու նիստ գումարել՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատման հարցին շուրջ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Դեսպանը պիտի խորհրդակցի Սուրիոյ ճգնաժամին հետ առնչութիւն ունեցող տարբեր կողմերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչներու հետ՝ բանակցութուններուն ամենայն բծախնդրութեամբ նախապատրաստուելու համար»: