image

Սուրիական բանակը մտադիր է Տումա մտնել... Ի՞նչն է խանգարողը

Սուրիական բանակը մտադիր է Տումա մտնել... Ի՞նչն է  խանգարողը

Սուրիական բանակը Արեւելեան Ղութայի ռազմավարական դիրք ունեցող Տումա քաղաքը  բոլոր կողմերէն շրջափակելէն ետք, կը ծրագրէ մտնել քաղաք եւ այնտեղէն դուրս բերել «Ֆայլաք Ալ-Ռահման» եւ «Իսլամական բանակ» խմբաւորումներու ահաբեկիչները: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ սակայն սուրիական բանակի սպաները, որոնք հեռադիտակներով կը հսկեն Տումա քաղաքը, կը տեսնեն, որ զինեալները յանկարծ կը յայտնուին տարբեր շրջաններու մէջ, առանց գիտնալու թէ ինչպէս մէկ անգամէն այդքան արագ այդ կէտի մէջ յայտնուեցան:

 

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, կը թուայ, որ շրջափակման 5 տարիներու ընթացքին «Ֆայլաք Ալ-Ռահման»ը, «Իսլամական բանակ»ը եւ «Ահրար Ալ-Շամը»ը գետնուղիի ցանցեր փորած են, որ Տումայի բոլոր կողմերուն վրայ պատուհաններ ունի, ուրկէ հրթիռներ կ'արձակեն եւ այդ գետնուղիններու մուտքերը ծածկուած են ծառերով եւ ճիւղերով:

 

Սուրիական բանակը  ներկայիս կ'ուսումնասիրէ անոնց ուժերու կեդրոնացման դիրքերը, որպէսզի ետեւի կողմէն յարձակում սանձազերծէ եւ թնդանօթներով ռմբակոծէ այդ գետնուղիները, սակայն գետնուղիները չեն երեւիր, անոնց սկիզբը տուներուն մէջէն կը սկսի, որոնք մուտքերը ծածկուած կ'ըլլան գորգերով, իսկ դուրս գալու բաժինը՝ ծառերու ճիւղերով:

 

Ահաբեկիչները կը մերժեն բանակցիլ կամ որեւէ պայմաններու տակ դուրս գալ Տումայէն եւ իրենց այս կռիւին տուած են «Մահուան կռիւ» անունը, ինչը կը նշանակէ որ մինչեւ մահ պիտի չքաշուին, այդ իսկ պատճառով ծանր մարտեր կը սպասուին Տումային մէջ: