Սուրիական «Վագրի ուժեր» համացանցային էջը տեսագրութիւն մը հրապարակած է, ուր «Վագր» ծածկանունով յայտնի զօրավար Սուհէյլ Հասան Դամասկոսի արուարձանին մէջ Արեւելեան Ղութայի ազատագրման պայքարին շուրջ ճառ կը կարդայ:
Սուհէյլ Հասան Սուրիոյ պատերազմի առաջին իսկ օրէն մեծ համբաւ կը վայելէ շնորհիւ իր զինուորները ոգեշնչելու եւ թշնամիին սպառնալիք ուղղելու ոճին, ինչպէս նաեւ յանուն հայրենիքի մղուող պայքարին մէջ իր անձնուիրութեան:
Հասանի հրամանատարութեան տակ կռուող ուժերը մեծապէս նպաստած են Հալէպի, Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի ազատագրման:
Նշենք, որ վերջերս գերմանական թերթերէն մին անոր մասին երկար յօդուածով մը հանդէս գալով նշած է, թէ ամենայն հաւանականութեամբ Ռուսիա կը ձգտի Հասանը պատրաստել որպէս Ասատի իրաւայաջորդ, եթէ ստիպուած ըլլայ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման համար ընդունիլ Ասատի հրաժարականի նախապայմանը: