image

«Ստեղծուած իրավիճակը պէտք է օգտագործել ի նպաստ հայկական շահերուն»․Ամերիկահայ գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան (Տեսանիւթ)

«Ստեղծուած   իրավիճակը պէտք է օգտագործել ի նպաստ հայկական շահերուն»․Ամերիկահայ  գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան (Տեսանիւթ)

Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական  գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան  հարցազրոյցի  մը ճամբով   յայտարարած է, որ  այսօր ԱՄՆ-ի մէջ ստեղծուած իրավիճակը  պէտք է ծառայեցնել   հայկական   շահերուն։ 

 Յովսէփեան, որ  խօսած է  «Թերթ.ամ»  կայքին   նկատել տուած է, որ  օրեր  առաջ  ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի   ճանաչումը կը տարբերի այս թեմայով    աւելի վաղ  առնուած  որոշումներէն։ 

 

Իր շահեկանութեան համար ստորեւ մեր  ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք     Դոկտ.  Վիգէն Յովսէփեանի     տուած  հարցազրոյցէն  կարեւոր    հատուածներ, նշելով նաեւ որ հարցազրոյցը    կատարուած է  արեւելահայերէնով։ 

 

 

 «Հիմա  Տէ  Ֆաքթո կրնանք  ըսել, որ Ամերիկան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող 296րդ բանաձեւի ընդունման՝ Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է  քաղաքագիտութեան դոկտոր, ազգային- հասարակական գործիչ՝ Վիգէն Յովսէփեանը: 

 

Ըստ Յովսէփեանի «Ամերիկեան մասշտապով այս առաջին անգամն է 35 տարուայ մէջ, որ նման ճանաչում տեղի ունեցաւ եւ Տէ ֆաքթո կրնանք հիմա ըսել, որ Ամերիկան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը»։  Յովսէփեանի  կարծիքով, «Եթէ նոյնիսկ ԱՄՆ-ը տեմարշ*ըրած է Թուրքիոյ դէմ, ապա իրավիճակը պէտք է օգտագործել ի նպաստ հայկական շահերուն։Այս քաղաքականութիւն է, մեր հարցն ալ քաղաքական խնդիր է։ Հարցը  Այս համաթեքսթով պէտք է դիտարկել։ Մեր հարցը  առաջ տանելու համար պէտք է դիտարկել բոլոր հնարաւորութիւնները։ Քաղաքականութիւնը կարելիներու արուեստ է։ Պատեհութիւնը պէտք է օգտագործել ի շահ մեզի։»

Անդրադառնալով ընդդիմախօսներու այն յայտարարութիւններուն, թէՆերկայացուցիչներու պալատի ընդունած այս բանաձեւն օրէնքի ուժ չունի, Յովսէփեան նշեց՝ «այո՛, օրէնքի ուժ չունի, սակայն ընդունուած բանաձեւը իր տեսակով ու բովանդակութեամբ շատ ազդեցիկ է, քան ասկէ առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած բանաձեւերը. Այս իրապէս կարեւոր բանաձեւ է, որ պարտադրանք է նոյն Ներկայացուցիչներու պալատին վրայ։ Պէտք չէ թերագնահատել, որովհետեւՆերկայացուցիչներու պալատը շատ հարցերու վրայ իրաւասութիւն ունեցող մարմին է»:

 

Յովսէփեան  ներկայացնելով,  թէ ինչ տարբերութիւններ կան 1975 եւ 1984 թուականներուն հրապարակուած բանաձեւերուն եւ այսօրուան ընդունուած բանաձեւի միջեւ,  յայտնեց «Երկու գլխաւոր տարբերութիւններ կան, առաջինը որ այս բանաձեւը յստակ քայլեր ու թելադրանքներ կը ստեղծէ, որ այսուհետեւ երբ խօսուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, կարելի չէ կասկածներով խօսիլ, այլ իրականութիւն է  եւ Ցեղասպանութիւն հասկացողութիւնը դատաիրաւական ուժ կրնայ ունենալ»։

 Իսկ   այն հարցումին թէ արդեօք Ապրիլ 24-ին ԱՄՆ նախագահը կ'արտասանէ Ցեղասպանութիւն բառը, Յովսէփեան ըսաւ ,- «Եթէ Թուրք Ամերիկեան յարաբերութիւնները չբարելաւուին յաջորդ ամիսներուն ընթացքին, եւ նոյնիսկ աւելի լարուին, ինչու չէ Նախագահը կրնայ ըլլալ , որ այդ  բառը օգտագործէ»:

 Յովսէփեան  նաեւ   նպատակայարմար    նկատեց, որ  հայութիւնը   զոհի  ըլլալու  պատմական  մօտեցումը  հայութիւնը  աշխարհին պէտք է ներկայանայ  պահանջատէրի     կեցուածքով. Ան այս առումով ըսաւ «Մենք միշտ ներկայացած ենք Զոհի կարգավիճակով. Զոհ ըլլալը պատմական փաստ է, բայց չի խանգարեր որ քաղաքական թատերաբեմի վրայ պահանջատէր ներկայանանք: Արդէն այս բանաձեւին մէջ կայ պահանջատիրութիւն»։

 Խօսելով   Հայ- թրքական յարաբերութիւններուն մասին  Յովսէփեան  նշեց, թէ «Առ այժմ վերանայելու խնդիր չկայ, Թուրքիան ինք նախապայմաններ կը դնէ, մենք ընդհանրապէս իրար անցնելու հարց չունինք:2008-ին երբ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններ պիտի սկսէին, մեծ ալիք բարձրացաւ սփիւռքի   ու նաեւ  Հայաստանի  բողոքի   ալիք    բարձրացաւ եւ   այդ   բողոքը յարաբերութիւնները վերականգնելու դէմ չէր, այլ բովանդակութեան դէմ էր, նախապայմաններուն՝ որոնք դրուած էին Թուրքիոյ կողմէ, օրինակ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելը, մեզի համար անընդունելի էր, եւ մինչեւ հիմա անընդունելի է: Խնդիրը   այն  է, թէ ինչ  տրամաբանութեամբ պիտի վերականգնուին յարաբերութիւնները: Այնտեղ պէտք է կեդրոնանաք որպէս Հայութիւն» եզրակացուց   Դոկտ. Վիգէն  Յովսէփեան 

 

 

Յիշեցնենք, որ  ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ 29 հոկտեմբերին կայացած քուէարկութեամբ ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ  296-րդ բանաձեւը։ Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրեսականներէն  կողմ քուէարկած են 405-ը, դէմ՝ 10-ը, ձեռնպահ՝ 3-ը, իսկ 14 քոնկրեսական չեն քուէարկած։

 

 Նիւթը ՝  «Թերթ.ամ»էն 

 

 Արեւմտահայերէնի  վերածեց ՝  Թ. Գ.