Սէուտական Արաբիոյ բանտերուն մէջ 2014- էն վեր կալանաւորուած Շիիթ կրօնաւորին մահապատիժի ենթարկուելէն ետք յստակ կը դառնայ, որ Սիւննի- Շիիթ հակամարտութիւնը մտած է վտանգաւոր հանգրուան մը: Ամէնէն առաջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան ուղղուած այս «պատգամ»ը կրնայ նոյնպէս ծանր հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք ցարդ այդքան ալ բարեխառն յարաբերութիւններ չունէին, այլ նաեւ մէկ կողմէ՝ Րիատի եւ միւս կողմէ Թեհրանի կողմէ, որոշ հովանաւորչութիւն վայելող թէժ գօտիներուն մէջ: Այս մօտեցման մեծագոյն ապացոյցը եէմէնեան ճակատն է, ուր Րիատի գլխաւորած արաբական դաշնակից ուժեր Շէյխ Նըմըր Պաքէր Ալ Նըմըրի մահապատիժի ենթարկուելու հաղորդագրութիւնէն միայն ժամեր անց կը յայտարարէին, որ Եէմէնի մէջ առկայ հրադադարը վերջ կը գտնէ: Այս կեցուածքի արագ փոփոխութեան մէջ կայ նաեւ այլ կարեւոր մօտեցում մը, ըստ որուն Րիատ, դժգոհ ըլլալով Եէմէնի եւ Սուրիոյ մէջ աշխուժացող բանակցային եւ քաղաքական ընդհանուր գործընթացներէն, անցած է յարձակողականի: Միւս կողմէ՝ երեւելի է նաեւ եւրոպական ընտանիքին յայտնած վրդովմունքը Շիիթ կրօնաւորին մահապատիժ կրելուն առընթեր: Տարբեր վերլուծաբաններ աւելի անդին երթալով կը խօսին Սէուտական Արաբիոյ իշխող ՝ Ալ Սէուտ ընտանիքին իշխանութեան տկարացման մասին: Ասոր պէտք է նաեւ գումարել նոր ճակատներու ստեղծման հնարաւորութիւններու առկայութիւնը ու տրամաբանական է, որ Րիատ այս կացութեան դիմաց շարժէ Պէյրութեան ճակատը եւ հոն եւս օգտագործէ Սիւննի- Շիիթ հակամարտութեան խաղաքարտը: Բնականաբար Րիատ իր բոլոր որոշումներուն հետ կապուած բաւական ուսումնասիրուած հայացքով կը նայի դէպի Սպիտակ Տուն, որուն այսօրուան տէրէրուն համար ձեռնտու է «վառ պահել» Միջին Արեւելքի հրդեհները:
Այս բոլորով հանդերձ սակայն կարեւոր է հասկնալ, որ եթէ մօտիկ անցեալին Ապտըլ Ազիզ ընտանիքի հովանաւորութեամբ բարգաւաճող թագաւորութիւնը նոր փուլ մը պիտի մտնէ: Այդ չի նշանակեր, որ Սէուտական Արաբիա դէպի կործանում կ'երթայ, սակայն յստակ ու իրատեսական է, որ երէկ ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ կշիռ պահպանող այս երկիրը այսօր կանգնած է հակամարտութիւններու մը բերանը, եւ ի տարբերութիւն երէկ Եէմէնի, Դամասկոսի, Իրաքի եւ այլ վայրերու մէջ իր մղած պայքարներուն, այսօր Շիիթ- Սիւննի հակամարտութիւնը կրնայ թակել իր դուռը:
Խմբագիր