Փարիզի մէջ հրապարակուող «Շարլի Հէպտո» երգիծական պարբերականը ծաղրի ենթարկած է Իտալիոյ մէջ եղած երկրաշարժին զոհուածները: Թերթը, որ այս թեմային մասին երգիծանկար մը հրապարակած է երկրաշարժին հետեւանքով եղած մարդկային տոյժերը դասարկարգած է երեք մասերու նկարելով, երեք անձեր որոնցմէ իւրաքանչիւրը տուժած է «նմանելով» իտալական տարբեր ճաշերու: Մինչ առաջին երկու վիրաւորեալները նմանեցուած են Լոլիկի ջուրով եւ փուռին մէջ եփուած «բէնի»ներու երրորդ վիրաւորեալը «զոհուած է» Լազանիա «ճաշին տակ մնալով»: Իտալացի ընկերային ցանցերու օգտատէրեր ծանր քննադատութեան ենթարկած են թերթին կատարածը, իսկ Իտալիոյ արդարադատութեան նախարար Անտրէա Օրլանտո յայտարարութիւն մը կատարելով «խիստ վրդովեցուցիչ» համարած է հրապարակումը: Նշենք, որ ընկերային ցանցերու վրայ խնդրին շուրջ ծաւալած քննարկումներու թէժացումէն ետք, Իտալիոյ մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը ստիպուած եղած է յայտարարել, որ «Թերթին կատարածը անպայման չէ, որ ֆրանսացիներուն կարծիքը կը փոխանցէ Իտալիոյ մէջ եղած ողբերգական երկրաշարժին վերաբերեալ»: