Ռուսական Պետումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշիքին այսօր խօսած է Ղարաբաղեան զարգացումներուն մասին: Նարիշիկին, որ խօսած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան նկատել տուած է, որ ռուսական կողմին համար առաջնային խնդիր է հարաւային կովկասի մէջ խաղաղութեան վերականգնումը: Ըստ Նարիշիկինի խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է երկու կողմերը զիջումներ կատարեն: Ան նաեւ հաւաստած է, որ Ռուսիա ինչպէս միշտ կարեւոր ճիգեր պիտի իրականացնէ կողմերը երկխօսութեան մղելու համար: