image

Սահմանին նոր զոհ՝ Անդրանիկ Սմբատի Մուսիկեան

Սահմանին նոր զոհ՝ Անդրանիկ Սմբատի Մուսիկեան

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէջ 18 յունուարին, ժամը 14:00-ի կողմերը, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, մահացու հրազինային վիրաւորում  ստացած է 19 ամեայ զինծառայող Անդրանիկ Սմբատի Մուսիկեան:

Ինչպէս  կը տեղեկացնեն ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, դէպքին մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: