image

Սահմանին իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ եղած է. ԼՂՀ ՊՆ

Սահմանին իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ եղած է. ԼՂՀ ՊՆ

Անցեալ գիշեր իրադրութիւնը ղարաբաղեան սահմանին, բացառութեամբ Մարտունիի ուղղութեան, համեմատաբար հանգիստ եղած է: Նշուած ժամանակահատուածին մէջ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտուած է շուրջ 15 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 140 կրակոց: Արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետ (2 արկ): Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը: