Եւրո 2016–ի պատասխանատուները որոշած են այս տարուան մրցաշարէն հեռացնել Ռուսիոյ ազգային խումբը: Ըստ AFP-ին, այս որոշումը պիտի չգործադրուի այս մրցաշարին ընթացքին, եւ Ռուսիոյ ազգային հաւաքականը, որպէս տուգանք պիտի վճարէ 150 հազար եւրոյի գումար մը, որպէս նախնական պատիժ: Նշենք, որ ռուս եւ անգլիացի համակիրներ խուլիկանական արարքներ կատարած էին մասնաւորապէս Մարսէյլի մէջ երկու խումբերուն միջեւ կայացած մրցումի աւարտին: Լրատուական աղբիւրներ նաեւ նշած են, որ Ռուսիոյ հաւաքականը վերջնականապէս պիտի հեռացուի այս տարուան ախոյանութիւնէն, եթէ ռուս համակիրներ կրկնեն իրենց ըրած խուլիկանութիւնները: